(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 22 մարտ 2018-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան արարողակարգի ղեկավար նշանակեց գերապայծառ ԺոզէՖ Միւրֆին որ մինչեւ օրս մաս կը կազմէր Պետական Քարտուղարութեան անձնակազմին։
Գերապայծառ Միւրֆի՝ ծնած է 16 օգոստոս 1968ին Իռլանդայի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 11 Յուլիս 1993-ին։ Պետական Քարտուղարութեան ընդահնուր հարցերու բաժնի մաս կը կազմէ 1997 թուականին, ապա 2006-ի սեպտեմբերն կը փոխադրուի պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունք եւ 2008-ին կը նշանակուի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս անուան ընկերակցութեան հոգեւոր վարիչ։
Գերապայծառ Միւրֆի հմուտ է 4 լեզուներու Իռլանդերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն եւ Իտալերէն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |