2018-03-22 13:30:00

«Ջուրի ու հողի պաշտպանութիւնը պաշտպանութիւն է կեանքի» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի`  22 Մարտ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ջուրի նուիրուած համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ  «Հողին պաշտպանութիւնը, ջուրին պաշտպանութիւնը, պաշտպանութիւն է կեանքի»։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը ջուրի մասին արտայայտուելով զայն նկատած է կենսամիջոց, պարգեւ եւ իրաւունք։ Ջուրը՝ ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ, կեանքի համար անհրաժեշտ տարր է ու մեր զայն պաշտպանելու ու կիսելու կարողութենէն է որ կախեալ է մարդկութեան ապագան։ Այս ըսելով՝ Սրբազան Պապը նկատել կու տայ թէ ջուրը այսօր բոլորին մատչելի չէ, ու թէ ան վտանգուած է ապականութեան, մսխումի ու չարաշահումի սպառնալիքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.