2018-03-21 11:32:00

Ընտանիքներու Միջազգային հաւաքին առթիւ յառաջիկայ օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապ կը մենի Տուպլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 մարտ 2018-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յառաջիկայ  25 եւ 26 օգոստոսին պիտի մեկնի Տուպլին մասնակցելու համար Տուպլինի մէջ կայացած Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքին։

«Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առիթով, մտադիր եմ մեկնիլ Տուպլին այս տարուայ 25 եւ 26 օգոստոսին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով Քաղաքական իշխանութիւններուն, եպիսկոպոսներուն ու Տուպլինի եպիսկոպոսին ու բոլոր անոնց որոնք պիտի համագործակցին այդ ճամբորդութեան պատրաստութեան համար։

Նշենք թէ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Իռլանդացի երկու ընտանիքներ Սրբազան Քահանայապետին յանձնեցին  Տուպլինի  Ընտանիքներու 2018-ի համաշխարհային հաւաքին «Սրբանկարը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.