2018-03-21 08:34:00

ՀՀ 100-ամեակի յուշակոթող Անթիլիասի մէջ. « Անկախ Պետականութեան Խորհրդանիշ»։


Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացում Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողին:

Յուշակոթողի իրագործման  հոգաբարձուն է Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանը որ այս առթիւ զրոյց ունենալով Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագիրներուն հետ յայտնած է թէ  «Մեր սերունդը մեծցած է մայիս 28-ի յիշատակով եւ անոր խորհուրդներով. մեզի այնպէս դաստիարակած են, որ մենք հանրապետութիւն ունեցած ժողովուրդ ենք, որ պատմական պայմաններու բերումով դադրած է` Խորհրդային Միութեան մաս կազմելով»:

Ինչ կը վերաբերի յուշակոթողի մտայղացման, Ալեքքօ Պէզիքեանը ըսած է. «Մեծ հաւատք ունիմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վրայ: Հոգեւոր դաստիարակս երջանկայիշատակն Զարեհ Ա. կաթողիկոսը եղած է: Ուրեմն Արամ Ա. վեհափառին հետ կը խօսէինք, որ մայիս 28-ի առիթով Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպուած են, եւ այդ առիթով սփիւռքահայեր եւս Հայաստան պիտի մեկնին. ես դիտել տուի, որ մայիս 28-ը սփիւռքի մէջ ալ պէտք է նշուի: Մենք Լիբանանի մէջ մայիս 28-ի շունչով մեծցած ենք: Քանի մը ամիս ետք իմացայ, որ մայիս 28-ի տօնակատարութեան համար յանձնախումբ մը ոտքի հանած է վեհափառ հայրապետը: Ուրախացայ: Վեհափառը յուշակոթողի քանի մը նկարներ ցոյց տուաւ մեզի, որոնցմէ զատեցինք հիմակուան տարբերակը»:

Զրոյցի ընթացքին Պեզիքեան խօսած է նաեւ երիտասարդութեան դերին մասին «Կը տեսնեմ, որ այսօր Լիբանանի մէջ երիտասարդական լաւ շարժում կայ: Այն երիտասարդութիւնը, որ առատութեան եւ ոչ հայկական պայմաններու մէջ մեծցած է, ո՛չ կրօնի հետ գործ ունի, ո՛չ ազգայնականութեան հետ եւ ո՛չ ալ հաւաքական գործի մէջ կը մտնէ: Համեստ ընտանիքի, միջակ դասակարգի երիտասարդութիւնն է, որ կ՛աշխատի: Կը ցաւիմ ասոր համար: Կը քաջալերեմ այն երիտասարդութիւնը, որ եկեղեցիին մօտ է, ազգային գործերուն մօտ է:  Հաւատքը հիմքն է մարդու ապրելակերպին: Պէտք է մղենք երիտասարդը, որ հաւատքով մեծնայ: Պէտք է քաջալերել երիտասարդները: Երիտասարդութեան համար շատ կարեւոր է այսօրուան հայրենիքին հետ կապը»:

Եթէ երիտասարդները իրենց իրողութեան հետ հաշտուին, ընդունին իրենց իրավիճակը եւ ձգտում ունենան, վստահ եմ, որ կը յաջողին: Եթէ չփորձեն, չեն յաջողիր: Հիմնական է չյուսահատիլը. յարատեւութիւնը պէտք չէ դադրի: Ան, որ չի գոհանար իր վիճակով, չի յաջողիր: Երբ գոհ կ՛ըլլաս իրավիճակէդ, վստահ, հանդարտ, խաղաղ ու գոհունակ կ՛ըլլաս: Երիտասարդը պէտք է համեստ ըլլայ:

Այս յուշակոթողը սփիւռքահայ երիտասարդութեան կը հասցնէ ուղերձը` կապը մնայուն պահելու հայոց պետականութեան հետ: Անիկա եւս պետականութեան խորհրդանիշ է։

Քաղուած «Ազդակ»էն








All the contents on this site are copyrighted ©.