2018-03-21 14:00:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Խաբելու Եւ Խաբուելու Մասին

Ըստ Աստուածաշունչ մատեանին, առաջին խաբուողը այս աշխարհի մէջ կինը եղաւ, որ նաեւ յետոյ խաբեց իր ամուսնոյն: Ուրեմն, այսքա՜ն հին ժամանակներէն եկող այս «աւանդութիւն»ը՝ խաբել եւ խաբուիլ, անծանօթ չէ՛ աշխարհին եւ անոր հոգին կազմող մարդկային ցեղին: Ոմանք այնքան խաղաղ միտքով կ՛ըսեն. «Եթէ նախածնողներս խաբուեր են, ես ի՞նչ յանցանք ունիմ այսօր, երբ անհաշիւ դարեր ետք նոյն «աւանդութիւն»ը կը շարունակեմ, գիտակից կամ անգիտակից հնազանդումով հին «օրէնքին»:

Գիտակից կամ անգիտակից խաբուելուն միջեւ մեծ խրամատ մը կը նշմարուի: Գրաբար լեզուով «միամիտ» բառը «հաստատակամ» մարդու տրուող ստորոգելի է: Սակայն անոր աշխարհաբար նշանակութիւնը շատ ողբերգական է, որովհետեւ այս բարբառով անիկա կը նշանակէ «պարզամիտ», շուտով խաբուող: Գաղտնիք մը չէ՛ որ ամէնէն իմաստուն մարդիկն ալ կրնան խաբուիլ: Ատիկա թերութիւն կամ տկարութիւն մը չէ՛ անոնց համար, այլ կրնայ եւ պատահականութեան արդիւնք ըլլալ: Որովհետեւ ամէն մարդ, ամէն վայրկեան զգօն ու զգաստ վիճակի մէջ կրնայ չըլլալ, եւ իր թոյլ մէկ պահուն զուգադիպող խաբողը, կրնայ նաեւ զինք խաբել:

Խաբեբան ունի ծոցատետր մը, որուն վրայ ապաբարոյ բոլոր ծրագիրներու ցուցակագրումը կը կատարէ: Օրինագիրքերու բոլոր տեսակները կը խօսին անյեղելի օրէնքներու մասին, սակայն անոնց հեղինակները կը մոռնան, որ աշխարհի բոլոր օրէնքներն ալ յեղելի են, որովհետեւ միեւնոյն աշխարհի մէջ կ՛ապրին խաբեբայ եւ խարդախ մարդիկ, որոնց համար կայուն օրէնք գոյութիւն չունի:

Ամօթխածութիւնը իրենց մօր փեշի քղանցքին կառչած եւ անոնց մնայուն հովանաւորութիւնը վայելող աղջիկներուն ամբողջական իրաւունքը համարելով, խաբեբան կ՛անգիտանայ նման առաքինութեան մը գոյութիւնն իսկ, ու անոր բարոյական օրէնքը կ՛ընդունի իբրեւ ծիծաղելի կանոն փոխյարաբերական կեանքի: Ապա, անձանձիր հետապնդումով կը մօտենայ խաբուելու բազկաթոռին յարմարած անձին, զայն ընկողմանած գտնելով իր հարբումին հետ զգայազիրկ:

Ու կը սկսի ոսկեզօծումը սուտին…

Իսկութեանը մէջ նուազ քան պղինձը, սուտը ոսկիէն աւելի փայլելու կարողականութիւնը ունի, նման թիթեղին, որ պայծառ արեւուն տակ, նոյնիսկ հարիւրաւոր մղոններ անդիէն կրնայ աչքերդ շլացնել, ուրիշ որեւէ բան տեսնելու արգելք հանդիսանալով: Սուտին ոյժը, թիթեղի փայլքին նման ժամանակաւոր է սակայն: Քիչ ետք ի յայտ կու գայ անոր կեղծ շողերուն սին հպարտութիւնը, իսկ որոշ ժամանակ ետք, ո՞վ արժէք կու տայ ժանգոտած թիթեղին: Սակայն, խաբողը գիտէ ոսկեջրել սուտը, զայն անգլիական ոսկեդրամի արժէքով շուկայ տանելու ամէն ճարտարութիւն ձեռք ձգած ըլլալով: Ոչ ոք կը մտածէ այդ պահուն փայլող իրին կեղծ ըլլալուն մասին:

Խաբեբան կարող է նաև ՝՝Հիփնոսացնել՝՝ Բայց երանի՜ ըլլար այդ, որովհետեւ հոգեպէս ատոր պատրաստուիլը, արդէն ենթակային կամքը կ՛արտայայտէ: Ուրեմն, խաբեբային ճիրաններուն մէջ ինկողը աւելի՛ խեղճ է ու թշուառ, քան՝ հիփնոսացող մը: Հիփնոսացողը գէթ կրնայ ճուալ յանկարծ, երբ հիփնոսացնողը իր մատը հիփնոսացողին աչքին մօտեցնէ կամ մէջը խոթէ: Մինչ խաբուողը նոյնիսկ կ՛անգիտանայ այս ցաւը, անէացման եւ էացման միջեւ անորոշ կայանատեղիի մը մէջ գտնուելուն պատճառով:

Խաբողը գիտէ միայն այդ աստիճաններէն վար գլորել իր զոհը: Իր թմբիրէն արթնցած խաբուողը, որուն այտերուն վրայ դեռ տաք են խաբողին դրոշմած համբոյրները, զզուանքով կ՛ընթերցէ իր խաբուելուն պատճառները, որոնք խաբողին ոսկեգիր ծոցատետրին մէջ կը գտնէ, այնքան մաքուր ձեռագրով գրուած

Խաբողը անձնասիրութեան ամէն չափանիշ գլած անցած մարդն է: Անոր հետ ուրիշին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին զրոյցի չես կրնար բռնուիլ, որովհետեւ ուրիշ տեղ գործ ունենալ պատճառաբանելով, շուտով պիտի հեռանայ մօտէդ, ժամավաճառ չըլլալու եւ իր ատելութեան մէջ խորասոյզ, նոր թիրախներ փնտռելու համար:

Խաբելու եւ խաբուելու «աւանդութիւն»ը դեռ երկա՜ր պիտի շարունակուի, ի վերջոյ յանգելով Աստուծոյ արդար եւ անխուսափելի դատաստանին:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.