2018-03-21 12:58:00

Գերապայծառ Վիկանօ՝ Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչը ներկայացուց իր հրաժարականը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչ՝  գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի ներկայացուցած հրաժարականը։ Մինչեւ նոր Կառավարիչի մը անուանումը, հաղորդակցութեան քարտուղարութիւնը պիտի ղեկավարուի Քարտուղարութեան քարտուղար՝ գերապայծառ Լուչօ Ատրիան Ռոյցի կողմէ։»  Սոյն լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը չորեքշաբթի 21 մարտին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ։ 

Գերապայծառ Վիկանոյի հրաժարականին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոր յղեց նամակ մը որուն մէջ նշեց թէ «ի տես վերջին օրերու ընթացքին ունեցած մեր հանդիպումներուն ու ձեր ներկայացուցած խնդրանքին «ետքայլ» մը կատարելու հաղորդակցութեան քարտուղարութեան ձեզի յանձնուած պարտականութենէն, ունկնդրելով նաեւ այդ ուղղութեամբ ներկայացուցած ձեր պատճառաբանութիւնները ու յարգելով ձեր այդ որոշումը, որոշ դժուարութեամբ կ՛ընդուիմ ձեր ներկայացուցած հրաժարականը»։

Քահանայապետը ապա գերապայծառ Վիկանոյէն խնդրած է որ շարունակէ իր աշխատանքը հաղորդակցութեան քարտուղարութեան ներքոյ ու զայն անուանած է Քարտուղարութեան խորհրդատու՝ որպէսզի իր «մարդկային եւ մասնագիտական սատարը տայ նոր Կառավարիչին«, Կարդինալական Խորհուրդի կողմէ խնդրուած ու Սրբազան Քահանայապետէն վաւերացուած  բարեկարգումի ծրագրի իրականացան։

«Բարեկարգումի ծրագիր մը որ հասած է իր աւարտական փուլին, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին՝ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան  միակ համակարգի մէջ ներառումով, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Վատիկանի տպագրատունը» գրած է Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով Քարտուղարութեան տարած աշխատանքը՝  որպէս առաքելութիւն եւ ծառայութիւն ի նպաստ եկեղեցւոյ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է շնորհակալութիւն յայտնելով գերապայծառ Վիկանոյին՝ անոր հեզութեան համար ու «Եկեղեցական խոր զգացումով ու գիտակցութեամբ մարդ ըլլալուն համար։

Յայտնենք թէ Գերապայծառ Վիկանոն իր հրաժարականի նամակին մէջ նշած է թէ  «Վերջին օրերուն, բաւական հակաճառութիւններ յառաջացան իմ գործելակերպիս վերաբերեալ,  ու այս մէկը կարող է ազդել բարեկարգումի աշխատանքի վրայ որ Դուք ուզեցիք ինծի յանձնել 2015-ի Յունիսին»։

Գերապայծառ Վիկանօ՝ ապա շնորհակալութիւն յայտնած Քահանայապետին Անոր հայրական հոգատարութեան համար պահանջելով որ յօժարի ընդունիլ «ետքայլ» կատարելու իր այս խնդրանքը արտայայտելով շարունակել տարբեր ձեւով համագործակցելու  իր տրամադրութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.