2018-03-21 11:35:00

Աւագ Հինգշաբթի օր ֆրանչիսկոս Պապ ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կարարէ Ռեժինա Չելի բանտին մէջ:


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ իր քահանայապետութեան  հինգ տարիներու ընթացքին՝  չորրորդ  անգամն է որ կ՝ըտնրէ բանտի մը մէջ կատարել Աւագ հինքշաբթի օրուան ոտնլուայի արարողութիւնը:

Առաջին անգամ  Սրբազան Հայրը արարողութիւնը կատարած էր անչափահասներու  Քասթել Տէլ Մարմօ բանտին մէջ : Երկրորդ անգամ՝  2016ին  Ռեպիպիա բանտին մէջ իսկ անցեալ տարի 2017-ին Ֆրոզինոնէ մարզի Փալիանօ անուան բանտին մէջ: Իսկ այս տարի ՝  29 մարտ 2018-ին,  յետմիջօրէին 4,00-ին,  Աւագ Հինգշաբթի օր, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Ռեժինա Չելի բանտը ուր պիտի գլխաւորէ  Յիսուսի վերջին ընթրիքի յիշատակին Սուրբ Պտարագն ու ոտնլուայի արարողութիւն։:  

Ռեժինա Չելի Բանտի այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս  Պպա պիտի հանդիպի բանտի բուժարանի մէջ գտնուող մի քանի բանտարկեալ հիւանդներուն  որմէ ետք  պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագը ապա  ոտնլուայի արարողութիւնը՝ որուն ընթացին պիտի լուայ 12 բանտարկեալներուն ոտքերը ։ 

Նշենք, որ անցեալ Տարի՝ Փալիանօ բանտի մէջ Ոտնլուայի արարողութեան  ծիրէն ներս  մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչսիկոս Պապ  դիտել տուաւ որ ոտնլուայի արարողութիւնը ֆոլքլորիք հանդիսութիւն մը չէ այլ  արարք մըն է   յիշելու համար այն ինչ որ Յիսուս Քրիստոս կատարեց:  «Յիսուս առաքեալներուն ոտքերը լուալէ ետք հացն ու գինին առաւ եւ մեզի տուաւ Աստուծոյ սէրը»  ըսաւ Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.