2018-03-21 09:29:00

Արցախի հանրապետութեան նախագահը հանդիպած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսի հետ


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մարտ 21-ին, Անթիլիասի մէջ հանդիպում ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսի եւ կաթողիկոսութեան հոգեւոր դասի բարձրաստիճան խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Արամ Ա կաթողիկոսին Արցախին մշտապէս սատարելու համար` կարեւոր համարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.