2018-03-21 11:55:00

Արհ Հայր Գէորգ Եպս Ասատուրեանի ողջոյնի խօսքը ՀՀ հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համաժողովին


Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ բացումը կատարուցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովին, մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջին Վեհափառին , Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ տարբեր երկիրներու գիտական, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն:

Հայ կաթողիկէ համայքէն ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան եւ այս առթիւ՝  Յանուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ներկաներուն արտասանեց հետեւեալ ողջոյնի խօսքը

«Վեհափառ Տէր,

Վերապատուելի,

Վսեմաշուք Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան,

Յարգարժան մասնակիցներ Համաժողովի,

Յանուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին՝ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս համաժողովին մասնակիցները։

Այս համաժողովը, ինչպէս  Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ամեակին առիթով ծրագրուած համազգային բազմաբնոյթ ձեռնարկները եւ Հայրենի Պետութեան կողմէ ծրագրուած մեծաշուք ու մեծածաւալ միջոցառումները՝ վկայութիւնն են այն իրողութեան որ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-րդ տարեդարձը  ազգային սովորական տօն մը չէ։ Ան տօնն է Հայաստանի եւ Հայութեան յարութեան։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ ճակատագիրը աշխարհի պետականութեամբ առաջին քրիստոնեայ ազգին, իր գոյերթը վասն կրօնի եւ հայրենեաց մարտնչումներով կերտած ժողովուրդին, որովհետեւ ան ամէնէն օրհասական պահերուն անգամ երբեք չկորսնցուց իր հաւատքը, յոյսն ու սէրը առ Աստուած։ Իբրեւ Քրիստոսի ապաւինած ժողովուրդ՝ ան  անպարտելի եղաւ, որովհետեւ  անպարտելի է Քրիստոս։

Վստահ ենք որ  նաե՛ւ այս իրողութեան ապացոյցը պիտի հանդիսանան այս համաժողովին ընթացքին հնչած ելոյթները, զեկուցումներն ու անոր եզրայանգումները, որոնք պիտի գան առաւել եւս ճոխացնելու Հայաստանի առաջին  Հանրապետութեան երկունքին, ծննդեան եւ յետագայ զարգացման պատմութեան հատորները, եւ արդիական վերլուծումներով  լուսարձակի տակ բերելու ծանօթ ու անծանօթ արխիւները։

1918-ի մայիս 28-ի յաղթանակին, ինչպէս առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ  20րդ դար եւ մինչեւ մեր օրերը, Հայ ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակներուն հզօրագոյն զէնքը  ազգին միասնականութիւնը եղած է։  Աւարայրէն մինչեւ Արցախ անցնելով Սարտարապատէն։ Արդարեւ, յաղթանակն ու նուաճումները պսակումը եղած են Հայ ժողովուրդի անխտիր բոլո՛ր զանգուածներու միաբանութեան, միաձայնութեան, միակամութեան, միայն ազգին գերագոյն շահերէն առաջնորդուելու նախանձախնդրութեան։ Ասիկա եղած է ու կը մնայ այսօրուան հարիւրամեակին եւ բոլոր յաղթանակներու ամեակներուն պատգամը, զոր անզուգական շարականագիրին բերնով  եւ հայ ծէսին յատուկ այնքան հոգեպարար եղանակով կը հնչեցնենք   Սուրբ Պատարագներու ընթացքին Աստուծմէ խնդրելով  «Ազգիս Հայոց՝ Սէր, Միութիւն»։ Այդ սիրոյ եւ միութեան կարիքը ունինք այսօր աւելի քան երբեք՝ կերտելու համար մեր ազգային առաջադրանքներուն յաղթանակը։

Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ամեայ նշանակալի յոբելեանին առիթով, կ’աղօթենք առ Աստուած իր օրհնաբեր եւ հոգատար հովանիին տակ պահելու Հայաստանն ու  Հայ ժողովուրդը, աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը, անոնց  պարգեւելու խաղաղ, պայծառ ու բարգաւաճ ապագայ մը կերտելու շնորհները։

Անգամ մը եւս յաջողութիւն  եւ արդիւնալի աշխատանք կը մաղթենք համաժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.