2018-03-20 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «խաչեցեալ Քրիստոսին նայինք յաղթահարելու համար մեր անապատները»


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 20 մարտ 2018-ին, Տոմուս Սանթա  Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց Խաչեցեալ  Քրիստոսին նայիլ՝  նամանաւանդ մեր կեանքի դժուար պահերուն եւ  երբեք  չզրպարտել  Աստուած որովհետեւ այս մէկը կը նշանահէ հոգիի  թունաւորում:

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Իսրայէլի ժողովուրդին ՝ անապատին մէջ ապրած յուսախաբութեան մասին,  երբ  անոնք խոստացեալ երկիր հասնելէ առաջ,  մտավախութիւն յայտնեցին շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը։  ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ այս մտավախութիւն ունեցող մարդիկը մոռցած էին Տիրոջ զօրութիւնը՝ որ  ազատագրած էր  զիրենք 400 տարի  ստրկութենէն, ապա  դիտել տուաւ  որ այդ փորձառութիւնը  կ՝ապրինք մենք եւս երբ Տիրոջ հետեւելու ժամանակ,  յոգնութեան կը մատնուինք:   

Սրբազան Հայրը այդ մէկը վերագրեց սատանային որ միշտ թակարդներ կը լառէ եւ կ՛ուզէ  շեղեցնել մեր ճամբէն ու մեզ առաջնորդել դէպի կեանքի անապատները։

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց «կեանքի ուղեւորութեան դժուար պահերուն, նայիլ Խաչեցեալ  Քրիստոսին» ինչպէս Հրեաները փրկուելու համար օձերու խայթոցներէն նայեցան Տիրոջմէ հրահանգած  «օձի արձանին» որ տեսակէտով մը կը ներկայացումն էր  Քրիստոսին Խաչին յարեց Սրբազան Քահանայապետը  հաստատելով որ այս է  մեր համբերութեան բանալին,  կեանքի անապատները յաղթահարելու բանալին ու մաղթանք յայտնեց որ սուրբ գրային ընթերցումը ուսուցում հանդիսանայ ու մեզի սովրեցնէ նայիլ Խաչեալին երբ որպէս Աստուծոյ Ժողովուրդ, կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին կը  մատնուինք յոգնութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.