2018-03-20 11:50:00

Սուրբ Աթոռին մասնակցութիւնը Վենետիկի «Պիեննալէի» ճարտարապետական 16-րդ ցուցահանդէսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 20 մարտի առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն առթիւ ներկայացուեցաւ Սուրբ Աթոռի  Վենետիկի  «Պիեննալէի» ճարտարապետական 16-րդ ցուցահանդէսին տաղաւարը։

Այս առաջին անգամն է որ Սուրբ Աթոռը իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերոնշեալ ցուցահանդէսին։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթ ունեցան կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի՝ մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ ու Սուրբ Աթոռի տաղաւարի յանձնակատարը, ապա Փրօֆ Ֆրանչեսքօ Տալ Քօ՝ Սուրբ Աթոռի տաղաւարի կազմակերպիչը, հուսկ Պիեննալէի նախագահը՝ Փրոօֆ Փաոլօ Պարաթթան։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Կարդինալ Ռավազի տեղեկացուց թէ Սուրբ Աթոռին տաղաւարը որուն խորագիրն է «Վատիկանի Մատուռները» պիտի ցուցադրուի Սուրբ Գէորգ կղզիին վրայ ու թէ ցուցահանդէսը կ՛իրագործուի Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան շրջանին. «Քահանայապետ մը որ ընդգծած է արհեստի գործածութեան կարեւորութիւնը  ի սպաս աւետարանութեան»  ըսաւ Կարդինալ Ռավազի ներկայացնելով տաղաւարի պարունակութիւնը։ 

 

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ








All the contents on this site are copyrighted ©.