2018-03-20 10:28:00

Հայ Մօր Կոչումը


Հայ մօր կոչումն է քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել իր զաւակին :

Շատ մը ծնողներ ամէն ինչ կ'ընեն որպէսզի իրենց զաւակները ունենան լաւ տուն, լաւ գործ,  հարստութիւն, լաւ դիրք, բայց ոչինչ կ'ընեն որպէսզի անոնք ունենան ընտիր հոգի, մաքուր սիրտ եւ Աստուածահաճոյ կեանքի ընթացք :

Ըսի թէ հայ մօր կոչումն է՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել իր զաւակներուն . իսկ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբած ըլլալու համար անոնց՝ պէտք է շատ բան սորվեցնեն անոնց : Պէտք է անոնց սորվեցնեն սիրել Քրիստոսը, պաշտել ,փնտռել, պատուել ու փառաբանել Քրիստոսը: Երբ մեր զաւակները սորվին սիրել Քրիստոսը՝ իրենց յաւիտենականութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ դրուած կ'ըլլայ :

Ապա նաեւ պէտք է անոնց սորվեցնեն սիրել մարդիկը : Մարդը Քրիստոսի սիրոյն պտուղն է. կարելի չէ սիրել Քրիստոսը եւ չսիրել անոր սիրոյն պտուղը : Մարդը Քրիստոսի ստեղծագործութիւնն է : Պէտք է  անոնց սորվեցնեն աղօթել : Մայր մը ո՛չ միայն պէտք է աղօթէ  իր զաւակներուն համար, այլ նաեւ ու մանաւանդ, պէտք է անո՛նց հետ աղօթէ, եւ անոնց աղօթել սորվեցնէ: Այն մայրը որ իր զաւակին աղօթել չի սորվեցներ՝ կը նմանի այն զօրավարին որ իր զինուորները պատերազմի դաշտ կը ղրկէ առանց զէնքի ու փամփուշտի:

Պէտք է սորվեցնեն վստահիլ Աստուծոյ խօսքին եւ կառչիլ Աստուծոյ խոստումներուն: Երբեմն մարդիկ կը մեղադրեն դպրոցի ուսուցիչները, որ չեն կրնար սէր ու հետաքրքրութիւն արթնցնել փոքրիկներուն մէջ Աստուածաշունչին հանդէպ: Եւ սակայն, փոքրիկներուն մէջ Աստուածաշունչին հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն արթնցնելը, դպրոցի ուսուցիչներուն պարտականութիւնը չէ այնքան՝ որքան ծնողներուն պարտականութիւնը:   

Այստեղ, ասոնց վրայ կ'ուզեմ աւելցնել՝ Եկեղեցին սիրելը : Ծնողներ պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն սիրել Եկեղեցին. Եկեղեցին՝ որուն մկրտութեան աւազանի արգանդէն մանուկը կ'ապրի իր վերածնունդը : Եկեղեցին կը կոչուի մայրը հաւատացեալին, որովհետեւ ճիշդ մօր մը նման, կոչուած է հոգատար եւ գուրգուրոտ վերաբերմունք ցուցաբերելու իր զաւակներուն հանդէպ: Արդ, ինչպէս մայրը նիւթական կաթ կու տայ իր մանուկին, որպէսզի անով զօրանայ ու աճի, նոյնպէս ալ, եկեղեցին կոչուած է Աստուծոյ Խօսքին անխարդախ կաթէն ջամբելու իր զաւակներուն, որպէսզի անով սնանին եւ հոգեւորապէս աճին:

Այսօր, դժբախտաբար, քիչ չէ թիւը այն ծնողներուն որոնք իրենց զաւակները հեռու կը պահեն եկեղեցիէն: Ծնողներ հոգեւոր պարտաւորութիւնը ունին իրենց զաւակներուն սորվեցնելու սիրել եկեղեցին, սիրել Ս.Պատարագը, սիրել Տիրոջ Մարմնին ու Արեան ճաշակումը : Ծնողներ պէտք է հաւատան որ Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը կ'օրհնէ, կը սրբէ ու կը զօրացնէ իրենց զաւակները, եւ զանոնք ապահով կը պահէ կեանքի փորձութեանց դիմաց: Այսօր շատ զաւակներ տարին մէկ կամ երկու անգամ միայն Սուրբ Հաղորդութիւն կը ստանան, եւ այն ալ՝ տօնի մը առիթով:

Սիրելի ծնողներ, Եկեղեցին հոգեւոր մայրն է ձեր զաւակներուն, եւ դուք իրաւունք չունիք  ձեր զաւակները հեռու պահելու իրենց հոգեւոր ծնողէն:

Թանկագին մայրե՛ր, դուք կոչուած էք քանանցի կնոջ օրինակով, դիմել ու Քրիստոսի ու ազատագրութի՛ւն խնդրելու անկէ ձեր զաւակներուն համար: Կոչուած էք խնդրելու  Տիրոջմէ որ տէր ու պաշտպան կանգնի ձեր զաւակներուն ընդդէմ չարին : Ուրեմն մանուկի մը ճշգրիտ կերպով կրթութիւն փոխանցելու լաւագոյն կերպը եւ ամէնէն ազդու միջոցը այն է, որ ծնողները առաքինի կեանքի մը օրինակը ըլլան իրենց զաւակներուն: Բորձեցէք լաւ՛ օրինակ ըլլալ ձեր զաւակներուն :

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

           Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին








All the contents on this site are copyrighted ©.