2018-03-20 10:38:00

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աստուած եւ Երիտասարդը» խորագիրով հարցազրոյց գրքոյկը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր լոյս կը տեսնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի տուած հարցազրոյցը գրքոյկը, ուր Սրբազան Հայրը կ՛անդրադառնայ երիտասարդութեան։ Գրքոյկին խորագիրն է «Աստուած եւ Երիտասարդը»։ Գրքոյկը կը հրապարակուի Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան առթիւ որ պիտի նշուի յառաջիկայ Կիրակի 25 Մարտին։

Գիրքին խորագիրը ընտրած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը որ ուզած է ուշադրութեան  յանձնել այն իրողութիւնը թէ երիտասարդը իր մէջ ունի մարգարէական յատկութիւններ, որուն պէտք է գիտակցի։ Դատապարտելու եւ յուսադրելու երկու յատկութիւններն ալ կան երիտասարդին մէջ։ Իւրաքանչիւրին կը մնայ գործունեայ կերպով արտայայտել զանոնք։

Սրբազան Հայրը կը հաստատէ, թէ այսօրուան երիտասարդները կ՛աճին արմատախիլ եղած ընկերութեան մը մէջ։ Որպէս զի երիտասարդներ եւ ծերեր իրար հասկնալ կարենան, անոնք պէտք է տարբեր արագութիւն ունեցող ընթացքները իրարու համաձայնեցնեն. երիտասարդները պէտք է կասեցնեն իրենց արագ ընթացքը, եւ ծերերը պէտք է իրենց ընթացքը արագացնեն։ 
Շատ անգամ չափահասներն են, որ երիտասարդները արմատախիլ կ՛ընեն եւ զանոնք կը վերածեն որբերու, փոխանակ օգնելու անոնց, որ ըլլան մարգարէներ ընկերութեան մէջ։
Հարկաւոր է, որ չափահասները ներողութիւն խնդրեն երիտասարդներէն, որովհետեւ մե՛նք շատ անգամ չենք ներեր անոնց։ Միշտ չէ որ կ՛օգնենք անոնց՝ տեսնելու ճանապարհը եւ կերտելու այն միջոցները որոնք պիտի արգիլէին՝ որ անոնք վերջանան անտեսուած։ 
Շատ անգամ չենք գիտեր թէ ինչպէս թոյլ պիտի տանք որ անոնք երազանքներ ունենան եւ խանդավառուին։ Այսօր երիտասարդները երկար ժամանակ կը գտնուին ենթարկուածութեան վիճակի մէջ, որմէ բնականաբար դուրս կ՛ուզեն գալ՝ փնտռելով դրամ, որպէսզի կարենան ընտանիք կազմել։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՛անդրադառնայ աշխատանքի խնդրին։ Ան կը շեշտէ, թէ բոլորին պէտք է աշխատանքի առիթ տրուի, եւ անհանդուրժելի կը նկատէ չարաշահումը, որուն զոհ են շատ մը երիտասարդներ՝ խաբուած սուտ խոստումներէ, զրկուած աշխատավարձէ։ Երիտասարդներու աշխատանքը պէտք է վարձատրուի պատշաճ կերպով։
Սրբազան Հայրը կը մեղադրէ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կ՛աճեցնեն «վաղանցիկ մշակոյթով»։ 
Ծնողներ միշտ աւելի դժգոհութեան կեանք մը կ՛ապրին եւ այդ իրենց վարմունքով բացասականօրէն կ՛ազդեն երիտասարդներուն վրայ։ Կը Կարծէք ամէն ինչ դիմակաւորուած է. այնպէս կ՛ապրինք, որպէս թէ կեանքը իմաստ չունենար։
Սրբազան Պապը կրկին անգամ կ՛անդրադառնայ այն իրականութեան, թէ երիտասարդներ այսօր կ՛ապրին արմատախիլ եղած ընկերութեան մը մէջ։ Անոնք կը դիմեն համացանցին, ուր իրենք զիրենք մաս կը նկատեն միակ խմբակի մը։ Սակայն անոնք կը մնան օդի մէջ։ Փրկուելու համար այս իրականութենէն, Սրբազան Պապը, իբր ուժեղ միջոց ուշադրութեան կը յանձնէ երիտասարդներու եւ ծերերու երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նկատէ, թէ Աստուած է, որ միշտ կը նորոգէ, որովհետեւ Ան ինքնին միշտ նոր է։ Աստուած երիտասարդ է. Ան յաւիտենական է, այսինքն ժամանակի մէջ չէ բովանդակուած, սակայն կարող՝ նորոգելու։ Ան ունի երիտասարդներու նկարագրական կէտերը։ Երիտասարդ է, որովհետեւ կը սիրէ նորութիւնը, զարմանքը, երազանքը. որովհետեւ ուժեղ է եւ խանդավառ. որովհետեւ կը կերտէ յարաբերութիւններ եւ կը պահանջէ որ մենք նոյնը կատարենք։ Նաեւ երիտասարդ մը կրնայ ըլլալ «յաւիտենական»՝ ի գործ դնելով իր մաքրութիւնը, ստեղծագործական կարողութիւնը, քաջութիւնը, ուժը՝ ընկերակցութեամբ երազանքներու եւ ծերերու իմաստութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.