2018-03-20 09:07:00

Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ Սքրիփալի թունաւորման դէպքը եւ աջակցութիւն կը յայտնէ Բրիտանիոյ


Եւրոպական Միութեան մաս կազմող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Պրիւքսելի մէջ իրենց գումարած ժողովին ընթացքին դատապարտեցին Սալզպըրիի մէջ ռուս նախկին լրտես Սերկէյ Սքրիփալի ու անոր դստեր թունաւորումը եւ «հաստատ աջակցութիւն» յայտնեցին դէպքին շուրջ Բրիտանիոյ հետաքննութեան:

Եւրոպական խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ռուսիոյ կոչ ուղղեց` պատասխանելու Բրիտանիոյ հարցումներուն:

Նախարարները չյիշատակեցին Ռուսիոյ դէմ որեւէ պատժամիջոցի մասին եւ զգուշացան մեղքը ուղղակիօրէն եւ պաշտօնապէս Ռուսիոյ վրայ դնելէ, բան մը, որ կը պնդէր Լոնտոնը: «Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ` շտապ կերպով պատասխանելու Բրիտանիոյ եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ ներկայացուած հարցումներուն եւ ամբողջական տեղեկութիւն ներկայացնելու իր «Նովիչոք» (ջիղերուն ազդող նիւթի) ծրագիրին մասին: Եւրոպական Միութիւնը լիակատար համերաշխութիւն կը յայտնէ Բրիտանիոյ եւ աջակցութիւն` այդ յանցագործութեան համար պատասխանատուները դատապարտելու անոր ջանքերուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարները նախընտրեցին որոշ հեռաւորութիւն պահել Լոնտոնի առաջարկած այն ձեւակերպումէն, թէ Ռուսիան, ամենայն հաւանականութեամբ, պատասխանատու է Սալզպըրիի միջադէպին համար: Անոնք նշեցին. «Եւրոպական Միութիւնը խիստ լրջութեամբ ընդունած է Բրիտանիոյ կառավարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիոյ դաշնակցութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ միջադէպին համար»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ պետութեան մեղսակցութիւնը «աներեւակայելի է»: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն Եւրոպական Միութեան նիստէն առաջ յայտնեց, թէ ռուսական հերքումները «հետզհետէ անհեթեթ կը դառնան»:

Սակայն Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Լոնտոն ուշ կամ կանուխ ստիպուած պիտի ըլլայ կա՛մ ապացոյցներ ներկայացնելու, կա՛մ ալ ներում հայցելու:

«Ես չէի օգտագործեր «Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու սրում» արտայայտութիւնը: Տուեալ պարագային խօսքը Բրիտանիոյ, այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսիոյ նկատմամբ դժուար բացատրելի, անհասկնալի շարժառիթով եւ անհիմն զրպարտութեան մասին է: Մեզի հասկնալի է, այսպէս ըսենք, նաեւ Եւրատլանտեան համերաշխութիւնը, սակայն անգամ մը եւս կը կրկնեմ` ուշ կամ կանուխ այդ անհիմն մեղադրանքներուն համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ պատասխան տալ: Անոնք ատիկա պէտք է կա՛մ որոշ ձեւով ապացուցեն, կա՛մ ալ ներում հայցեն», ըսաւ Փեսքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.