2018-03-19 10:30:00

19 Մարտին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր՝ 19 մարտ 2018-ին, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին առթիւ, կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձը։

Աշխարհի ծայրամասէն եկած՝ Յիսուսեան առաջին Քահանայապետ, Լատին Ամերիկայէն ժամանած Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ, Ասիզացիի աղքատիկ սուրբին անունը կրող՝ Ֆրանչիսկոս  Պապը իր գահակալութեան օրէն սկսեալ ամէն ջանք կը դափէ բարելաւելու եկեղեցական կառոյցը ու այնպէս ընելու որ ան հաւատարիմ մնայ իրեն յանձնուած առաքելութեան՝ ծառայել Աստուծոյ ժողովուրդին։

Այս հինգ տարիներու ընթացին Սրբազան Քահանայապետը  հրապարակեց երկու յորդորագիրներ՝ մէկը հաւատքի մասին «Հաւատքի լոյս» վերտառութեամբ եւ որ շարունակութիւնն է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի գրութեան եւ միւսը նուիրուած հասարակական տան «Գովեալ Ըլլաս» վերտառութեամբ։ Ան ապա հրապարակեց երկու առաքելական նամակներ՝ «Աւետարանի ուրախութիւնը» որ կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան ծրագրային փաստաթուղթը յատկանշուած դէպի դուրս եւ առաքեալ եկեղեցիով մը, ապա «Սիրոյ ուրախութիւնը»՝ հայող ընտանեկան սիրոյն ու կեանքին։ Ասոնց կից յիշելու ենք նաեւ «ողորմութեան դէմքը» Քահանապետական կոնդակը զոր Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ սուրբ տարուան առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հրապարակեց ապա 23 ինքնագիր նամակներ հայող եկեղեցւոյ ու Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումներուն։

Գալով Չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութիւններուն Սրբազան Քահանայապետը մինչեւ օրս գլխաւորեց 219 ունկնդրութիւններ, որոնց ընթացքին  ներկայացուց 8 նիւթերով խորհրդածութիւններու շարք մը. Հաւատքի դաւանումը, Սուրբ Հոգիին պարգեւները, Եկեղեցին, Ընտանիքը, Ողորմութիւնը, Քրիստոնէական Յոյսը եւ Սուրբ պատարագը»։ Ան ապա գլխաւորեց  286 Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքներ ։

Խօսելով ապա միջազգային ճամբորդութիւններու  մասին, հինգ տարուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց 22 առաքելական միջազգային ճամբորդութիւններ, որոնց ընթացքին այցելեց 30 երկիրներ, մինչ Իտալիոյ տարածքին կատարեց 18 հովուական այցելութիւններ ու Հռոմի մէջ այցելեց 18 Ժողովրդապետութիւններ։  

Հինգ տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին Սրբազան Պապը գումարեց  եպիսկոպոսական չորս սիւնհոդոսներ որոնցմէ երկուքը նուիրուած էին ընտանիքին, մինչ մէկը երիտասարդներուն որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ եւ չորրորդը Ամազոնեան տարածաշրջանին որ նախատեսուած է 2019-ի Հոկտեմբերին։

Որպէս արտակարգ կամ յատուկ նիւթերու նուիրուած տարիներ՝ Սրբազան Քահանայապետը 2014 -2016 տարեշրջանը նուիրեց Կրօնական կեանքին մինչ 2015-2016 տարեշրջանը հռչակեց  Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեան։ Ասոնց կից նշելու ենք նաեւ 2019-ի Հոկտեմբեր ամիսը որ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հռչակուեցաւ որպէս միսիոներական ամիս։

Ապա կան 7 յատուկ աղօթքի օրեր որոնց շարքին՝ Սուրիոյ խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի ու ծոմապահութիւն օրը, «24 ժամ Տիրոջ համար» օրը, արարչութեան համար աղօթքի օրը, աղքատներուն նուիրուած աղօթքի օրը, Աւետարանի Կիրակին, գաղթականներու եւ փախստականներու նուիրուած օրը ապա Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի ու Սուրիոյ նուիրուած աղօթքի օրը։

Հինգ տարիներու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց երիտասարդներու երկու համաշխարհային հաւաքներ, առաջինը Պրաիզլի Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ԵՀՕ՝ 2013-ին, իսկ Երկրորդը Քրաքովիայի ԵՀՕ 2016-ին մինչ ԵՀՕ յառաջիկայ հաւաքը նախատեսուած է 2019-ի Յունուարին Փանամայի մէջ։

Կարդինալական չորս համահաւաք նիստերու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կարդինալական տիտղոսը շնորհեց 61 կարդինալներու մինչ Սուրբերու դասին մէջ ներառեց նոր 880 սուրբ, որոնց շարքին Օթրանթոյի 800 սուրբերը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա  Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագներու ընթացքին արտասանած է մինչեւ օրս աւելի քան 600 սրտաբուխ քարոզներ, մինչ Անոր Թուիթըրեան կայքին հետեւորդներու թիւը գերազանցած է 46 միլիոնը եւ Ինսթակրամի բաժանորդներու թիւը գերազանցած է 5 միլիոնը, առանց հաշուի առնելու բազմաթիւ նամակներն ու պատգամները ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր անձերու հետ անոր ունեցած յատկանշական հանդիպումները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.