2018-03-19 12:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը երիտասարդներու նախասիւնհոդասական ժողովին


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, Հռոմի Քահանայապետական Maria Mater Ecclesiae" միջազգային վարժարանին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ, սկիզբ առաւ  երիտասարդներու նախասիւնհոդասական ժողովը, որուն առթիւ  Ֆրանչիսկոս Պապ փոխանցելով իր պատգամը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն ըլլայ սրահին մէջ ներկաներուն, որոնք  ժամանած են աշխարհի զանազան վայրերէն  եւ կը պատկանին  զանազան մշակոյթներուն, որոնց շարքին նաեւ այլ յարանուանութիւններու այլ կրօններու երիտասարդներ, ըլլայ անոնց որոնք համացանցի միջոցաւ կապուած են հաւաքին ,  հրաւիրելով բոլորը խօսիլ համարձակութեամբ առանց վախի  արտայայտել իրենց իղձերն ու մտահոգութիւնները ինչպէս նաեւ ունկնդրել ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  յոյժ կարեւոր  համարելով աշխարհի երիտասարդներու ներկայացուցիչներուն  ներկայութիւնը ՝ առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ գումարուելիք «երիտասարդները, հաւատքը  եւ կոչումի զատորոշում» նիւթով եպիսկոպոսներու սիննհոդոսին :

Նորին Սրբութիւն նշեց թէ   եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ  ինչպէս նաեւ Սուրբ Գիրքի մէջ Աստուած յաճախ խօսած է երիտասարդներուն  միջոցաւ,  եւ այս ուղղութեամբ ընդգծեց  թէ  այսօր եւս  Աստուած պիտի խօսի անոնց միջոցաւ,   կարեւոր եւ անփոխարինելի   համարելով  երտասարդներու հետ դէմ առ դէմ հանդիպումը ու անոնց պահանջներուն անսալու հարկաւորութիւնը։

 

«Ժամանակից աշխարհին  մէջ յաճախ  կը խօսուի երիտասարդներու մասին՝ առանց սակայն զանոնք մասնակից դարձնելու» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ անոնց յաճախ մեկուսացուած վիճակի մէջ են  եւ  հանրային  կեանքէն բացառուած  ու  շեշտեց որ եկեղեցւոյ մէջ այսպէս պէտք չէ ըլլայ՝ որովհետեւ  Աւետարանը որուն պատգամը հրաւէր է   հանդիպումի  փոխ ճանաչողութեան, փոխ հիւրրնկալումի եւ սիրոյ, մեզմէ կը պահանջէ միասնաբար ընթանալ եւ առանց վախի բաժնեկցիլ ուղեւորութիւնը։ Եւ այսօրուայ հաւաքը կ՛ուզէ հանդիսանալ Եկեղեցւոյ կամքը անսալու բոլոր երիտասարդներուն – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ անդրադարձ կատարեց  յառաջիկայ սիւնհոդոսին,    որուն  ընթացքին պիտի  քննարկուին պայմանները՝ որոնք   երիտասարդները պիտի առաջնորդեն  կոչումի զատորոշում կատարելու,  ճանչնալու եւ ընկալելոպ համար սիրոյ եւ կեանքի կոչումը – ըսաւ  Ան եւ ակնարկեց Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան  կողմէ համացանցի մէջ հրապարակուած   երիտասարդներու հարցերուն որոնց շարքին «հայեցողութեան պակասը»  -  չափահասներուն  նեցուկութեան  ու օգնութեան կարօտը, գինեմոլութեան եւ թմրեցուցիչի հարցեր, սեռականութեան հարց եւայլն…

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ   եկեղեցւոյ մէջ   պէտք ենք սորվիլ  որոնել ներկայութեան եւ մօտիկութեան նոր ձեւեր,  որովհետեւ ըսաւ Ան «եկեղեցւոյ սիրտը երիտասարդ է, որովհետեւ Աւետարանը   կենսական աւիշի նման զայն մշտապէս կը վերանորոգէ», ձեզի կը մնայ համագործակցիլ անոր պտղաբերութեան, ըլլայ կաթողիկէ քրիստոնեաներ կամ այլ կրօնի պատկան երիտասարդներ կամ ոչ հաւատացեալներ, ձեզմէ կը խնդրենք որ համագործակցիք այդ պտղաբերութեան կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ կարիքը ունինք՝ ձախողութիւններէն ետք  Տիրոջ մէջ վերագտնելու ուժը  ու յառաջ ընթանալու, ապագայի մէջ ամրապնդելով յոյսը: Կարիքը կայ նաեւ «համարձակութեան» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները վախ չունենալու եւ ըլլալու արկածախնդիր  որովհետեւ արկածախնդրութիւնը կը հասունցնէ։ Արկածախնդիր եղէք բայց նաեւ զգոյշ յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ   « սէրը եւս գիտէ վտանգի ենթարկուիլ» ու թէ առանց արկածախնդրութեան երիտասարդ մը ծերացած երիտասարդ է, ու թէ ծերացած երիտասարդներու ներկայութեամբ եկեղեցին եւս կը ծերանայ ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը։ 

«Կարիքն  ունինք երիտասարդներուն՝  երիտասարդ դիմագիծով եկեղեցւոյ մը՝ կենդանի քարեր» հաստատեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները խուսափելու «միշտ  այսպէս եղած է» տրամաբանութենէն ու ստեղծագործ կերպով ապրիլ քրիստոնէական իսկական աւանդութիւնները, յարեց Սրբազան Քահանայապետը թելադրելով կարդալ առաքեալներու գործերը, ապա զրուցելու տարեցներուն հետ, ըլլալու մարգարէներ։

Պատգամին աւարտին Ֆրանչիոսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ շեշտեց նոր սերունդի հետ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ապա հրաւիրեց ներկաները, այս շաբթուայ ընթացքին ազատօրէն արտայայտելու իրենց գաղափարները, ըլլալու դերակատարներ որովհետեւ անոնց ներդրումները կարեւոր են. Այժմէն իսկ ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա խնդրեց որ չմոռնան իրենց համար աղօթելու իսկ անոնք որոնք չեն կրնար աղօթել որովհետեւ չեն գիտեր աղօթել թող բարեհաճին բարի իղձ մը փափաքին ինծի համար ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով պատգամը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.