2018-03-19 08:30:00

Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 մարտ 2018-ին, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին ու Հայրերու օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ շնորհաւորեց Հայրերու տօնը ու հրաւիրեց զանոնք իրենց զաւակներուն հետ վարուելու Սուրբ Յովսէփի նման, ըլլալով անոնց, տարիքի իմաստութեան ու շնորհքի  աճումին պահապանները։

«Սիրելի հայրեր, շնորհաւորութիւններ ձեր տօնին առթիւ։ Ձեր զաւակներուն համար եղէք Սուրբ Յովսէփի նման՝ պահապաններ անոնց աճումին, տարիքով, իմաստութեամբ ու շնորհքով» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։.








All the contents on this site are copyrighted ©.