2018-03-19 13:10:00

Ոչ եւս է Սքովտիացի կարդինալ Քէյթ Օպրիէնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 մարտ 2018ին՝  առաւօտեան կանուխ, Անգլիոյ «Royal Victoria»  հիւանդանոցին մէջ, 80 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց  Սքովտիացի կարդինալ Միքայել Փաթրիք Օպրիենը, Էտիմպուրկի թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոսը։  

Ննջեցեալ Քահանայ ձեռնադրուած էր 1965ին, ապա եպիսկոպոս ՝ 1985ին: Ան  Եղած է  նաեւ Սքովտիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը:    Կարդինալ անուանուած է   2003ին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պ ապի օրով՝:

Կարդինալ Օպրիենը  հրաժարած էր իր կարդինալական իրաւասութիւններէն, խոստովանելէ ետք սեռային բռնագործութեան յանցանքը,    եւ այս պատճառաւ է որ 2015-ին  չէ  մասնակցած  քահանայապետ ընտրելու կարդինալական ժողովին, որուն առթիւ  քահանայապետ ընտրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:  20 մայիս 2015ին,  ֆրանչիսկոս Պապ պաշտօնապէս ընդունեց  ծիրանաւորին հրաժարաականը,  որուն միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը իր հովուական խնամակալութեան հոգածութիւնը  յայտնեց Սքովտիոյ  եկեղեցւոյ համայն հաւատացալներուն քաջալերելով զանոնք՝ վստահութեամբ շարունակելու  վերանորոգումի եւ համերաշխութեան ուղեւորութիւնը։

2013-ի Մարտին հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կարդինալ Օպրիէն խոստովանելով իր մեղքը ներողութիւն խնդրած էր գործած սխալներուն համար հաստատելով թէ իր կեանքի ընթացքին եղած են  պահեր ուր անկոմներ ունեցած է սեռային կեանքի շրջանակէն ներս յատկապէս որպէս քահանայ, եպիսկոպոս եւ կարդինալ: Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր անոնցմէ որ վիրաւորեցի ու ներողութիւն կը խնդրեմ Սքովտիայի եկեղեցւոյ» գրած էր Կարդինալ Օպրիէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.