2018-03-19 09:18:00

Երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախասիւնհոդոսական հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) 19 Մարտին կը յիշատակուի Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնը որ շատ մը երկիրներու մէջ կը նշուի նաեւ որպէս Հայրերու օր։ Նոյն օրը կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին գահակալութեան 5-րդ տարեդարձը եւ Վաստակաւոր Քահանայապետի անուան տօնը։ Իսկ 19-24 մարտ 2018-ին Հռոմի «Մարիամ՝ Մայր Եկեղեցւոյ» Քահանայապետական միջազգային վարժարանէն ներս տեղի կ՛ունենայ  յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ գումարուելիք  երիտասարդներուն նուիրուած  եպիսկոպոսական 15 սիւնհոդոսին նախասիւնհոդոսական  հաւաքը, որուն հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու  աշխարհի տարբեր երկիներէ երիտասարդներ։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան ու Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի կաճարի համագործակցութեամբ կազմակերպուած վերոնշեալ հաւաքին բացումը կը կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ 19 մարտի առաւօտեան 8.30-ին Վատիկանէն մեկնեցաւ ուղղուելով  Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ Քահանայապետական միջազգային վարժարան, ուր ժամը 9-ին բացումը կատարեց, Երիտասարդներու Նախասիւնոհոդոսական հաւաքին, որ սկիզբ առաւ աղօթքի պահով մը, որուն յաջորդեց Կարդինալ Պալտիսերրիի՝    Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարի զեկոյցը ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, հուսկ տեղի ունեցան հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող հինգ երիտասարդներու վկայութիւնները։

Հակիրճ դադարէ մը ետք սկիզբ տրուեցաւ լիանիստ հաւաքին, որուն առթիւ այլ հինգ երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Քահանայապետին, այդ երիտասարդներուն շարքին էին՝ մարդավաճառութեան թիրախ Նիկերեացի երիտասարդ կին մը, Ֆրանսացի երիտասարդ մը, «Սքոլաս Օքուրէնդէս» ցանցի անդամ Արկենթինցի կին մը, Ուքրանացի նորընծայ մը ու Չինացի կրօնաւորուի մը։  Սրբազան Քահանայապետին զեկոյցէն ետք կը կտարուի հաւաքի նիւթերու ներկայացումը եւ լեզուային խումբերու աշխատանքային գործընթացի ներկայացումը։

Հաւաքին առաջին նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան մինչ ժողովականները իրենց աշխատանքները կը շարունակեն լեզուային խումբերու հաւաքներով որոնց եզրակացութիւններու պիտի շարադրուին չորեքշաբթի 21 մարտին, մինչ հինգշաբթի օր նախատեսուած է հաւաքին հայող տեսերիզի մը պատրաստութիւնը մը ինչպէս նաեւ աւարտական փաստաթուղթի մասին միջամտութիւններ, հուսկ դարձեալ լեզուական խումբերու նիստեր որոնց աւարտին կը ներկայացուին  աւարտական փաստաթուղթի մասին անոնց քննարկումները որուն հիման վրայ կը շարադրուի աւարտական փաստաթուղթը որուն քուէարկութիւնը նախատեսուած է շաբաթ 24 մարտի առաւօտեան։

Նշենք թէ ուրբաթ երեկոյեան բոլոր ժողովականները իրենց մասնութիւնը պիտի բերեն ճանապարհ խաչի ջերմեռանդական արարողութեան մինչ շաբաթ 24 մարտին անոնք առիթը պիտի ունենան այցելելու Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատը, եւ կիրակի 25 մարտին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, որուն առթիւ կը նշուի նաեւ երիտասարդներու համաշխարհային օրը, նախասիւնհոդոսական հաւաքի մասնակցողները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ հաւաքին կը մասնակցին  աշխարհի տարբեր երկիներու Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը ներկայացնող երիտասարդներ, Արեւելեան եկեղեցիներու անդամ երիտասարդներ, կղերականներ, նորընծաներ ու տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ինչպէս նաեւ այլ կրօնքներու պատկան ներկայացուցիչներ, եկեղեցական շարժումներու պատուիրակներ,  համալսարանականներ, մշակոյթի, մարզանքի, արուեստի ու կամաւորներու աշխարհը ներկայացնող երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ ու կազմաւորումով  զբաղող դաստիարակներ ու հոգեւոր առաջնորդներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.