2018-03-19 09:05:00

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը Դարձեալ օրհնեց բազմահազար ուխտաւորները


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս յիշատակեց մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի մուտն ի վիրապ տօնը. տօն մը, որ յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս տօնը Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ուխտի օրն է:

Արդարեւ, 18 մարտ 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագի սկիզբը միաբան հայրեր` գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, շքեղ թափօրով Ս. խորան բերին արծաթապատ այն արկղը, որուն մէջ կը գտնուէին Լուսաւորիչի օրհնաբաշխ Աջը եւ այլ սուրբերու մասունքներ: Այս ազգային դարաւոր սրբութիւնները, որոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ տարագիր անցած են ջարդի ու աքսորի ճամբաներէն, այսօր դարձեալ իրենց հովանիին տակ կ՛առնեն հայ ժողովուրդի զաւակները:

 

Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադառնալէ ետք օրուան խորհուրդին, վեր առաւ այն երկու պատգամները, որոնք կը ճառագայթեն այսօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի Վիրապի պատմութենէն: Առաջին, հաւատքի մարդուն նկարագիրը, որ իր գտած սրբութիւնը կը պահէ ի գին ամէն ինչի եւ երկրորդ, Խոր վիրապը մեզի պատգամ կու տայ, որ մենք մեր կեանքին մէջ սրբութիւններ ունենանք եւ զանոնք ամրօրէն պահպանենք:

Պատարագի աւարտին դպրեվանքի ուսանողներէն, Լիբանանի թեմի քահանայից դասէն եւ միաբան հայրերէ կազմուած մեծաշուք թափօրը սկսաւ շրջիլ խուռներամ բազմութեան մէջ: Վեհափառ հայրապետը կը գլխաւորէր թափօրը` ձեռքին ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջին մասունքը: Երեխայ թէ մեծահասակ, այր թէ կին ամենայն երկիւղածութեամբ եւ զեղուն հաւատքով կը մօտենային Ս. Աջին ու սուրբերու մասունքներուն` օրհնութիւն ստանալու ակնածանքով եւ անոնց բարեխօսութեան դիմելով:

Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք մայր տաճարի խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.