2018-03-19 08:59:00

19 մարտին կը նշուի հայրերու օրը


Քաղուած «Ազդակ» օրաթերթէն պատրաստեց` ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հայրութեան տօնը նշելու գաղափարը ծնունդ առած է միջնադարուն, երբ Եւրոպայի կաթողիկէները 19 մարտին կը նշէին Սուրբ Յովսէփի օրը, որուն ընդմէջէն կը փոխանցուէր հայրերուն երախտապարտ ըլլալու գաղափարը: Նոյնն էր նաեւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ, սակայն տարբեր թուականով` 20 յուլիսին: Այս գաղափարը Ամերիկա բերուած է սպանացիներուն եւ փորթուգալցիներուն կողմէ:

Հայրերու նուիրուած տօն նշելու պատմութիւնը սկիզբ առած է 20-րդ դարու սկիզբը` ամբողջացնելու համար մայրերու օրուան տօնը, նշելու հայրութեան տօնը եւ տղամարդոց ծնողավարութիւնը: Ասիկա նաեւ տօն մըն է նշելու համար հայրերու պատիւը եւ վաստակը:

Առաջին անգամ հայրերու տօնը նշուած է 5 յուլիս 1908-ին Արեւելեան Վերճինիայի մէջ: Տօնը կազմակերպուած էր Կրէյս Կոլտըն Քլէյթընի կողմէ, որ ուզած էր նշել յիշատակը 210 հայրերու, որոնք աղէտի մը պատճառով ամիսներ առաջ զոհ գացած էին Արեւելեան Վերճինիայի հանքավայրերէն մէկուն մէջ:

Այլ աղբիւրներ կը վկայեն, թէ հայրերու տօնի յառաջացումը այլ նախապատմութիւն ունի. իրենց  հայրերուն երախտագիտութիւն յայտնել ուզող երեխաներու համար տօն ստեղծելու գաղափարը եկած է Ուաշինկթըն նահանգի Սփոքէյն քաղաքէն: Անցեալ դարի սկիզբներուն այսպիսի տօն հիմնելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է Սոնորա Սմարթ Տոտ անունով աղջիկ մը, որուն մօր մահէն ետք իր հայրը` Ուիլիըմ Ճեքսըն Սմարթը զինք եւ 5 այլ երեխաներ դաստիարակած է: Սոնորայի նախաձեռնութիւնը պաշտպանած են եւ պատրաստուած են տօնակատարութիւն կազմակերպելու 5 յունիսին` իր հօր ծննդեան օրը, սակայն հոգեւոր հայրերը նախապատրաստուելու համար աւելի շատ ժամանակի կարիքը ունէին, ուստի տօնը յետաձգուած է մինչեւ 19 յունիս 1910:

Բաւական երկար տարիներ պահանջուեցան տօնը պաշտօնական դարձնելու համար: Մայրերու տօնին հասարակութիւնը խանդավառութեամբ կ՛արձագանգէր, մինչդեռ հայրերու տօնը պետականօրէն հռչակելը ծիծաղ կը յառաջացնէր: 1956-ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ի վերջոյ բանաձեւ մը ընդունեց այսպիսի տօն հաստատելու մասին: 1966-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Լենտըն Ճոնսըն ընդունեց հռչակագիր մը, որով յունիսի երրորդ կիրակին կը յայտարարուէր հայրերու օր, սակայն Քոնկրեսը տղամարդոցմէ բաղկացած կազմը չէր համարձակեր պաշտօնապէս հաստատել տօնը, քանի որ քոնկրեսականները կ՛երկիւղէին, որ կրնան զիրենք մեղադրել կանխակալութեան մէջ: Միայն 1972-ին է, որ նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն պաշտօնապէս օրինաւոր դարձուց հայրերու օրը, որ ընդունուած է յատկապէս պատուելու համար այն հայրերը, որոնք` ինչպէս Սոնորայի հայրը, մինակ կը դաստիարակեն իրենց երեխաները: Միացեալ Նահանգներու ազգային քաղաքականութիւնը ամէն կերպով հաւանութիւն կու տայ եւ կը խրախուսէ պատասխանատու հայրութիւնը: 1999-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթըն յուշագիր մը ստորագրած է, որ դաշնային գերատեսչութիւնները կը պարտաւորեցնէ միջոցներ յատկացնել հայրերուն օգնելու համար: Քիչ եկամուտ կամ մեծ թիւով երեխաներ ունեցող հայրերը պետութենէն օգնութիւն կը ստանան: Հայրերու օրը որդիները հիւր կու գան իրենց ծնողներուն, անոնց ընթրիքի կը հրաւիրեն ճաշարան կամ քաղաքէն դուրս շրջապտոյտներ կը կազմակերպեն: Այդ օրը երեխաները կը փորձեն յատուկ ձեւերով շնորհակալութիւն յայտնել իրենց հայրերուն. ամէն կերպով կ՛օգնեն տնային գործերուն, գունագեղ շնորհաւորական բացիկներ կ՛ուղարկեն, ինչպէս նաեւ նուէրներ ու ծաղիկներ կու տան: Հայրերու օրուան ծաղիկը վարդն է. հագուստին կարմիր վարդ կ՛ամրացնեն, եթէ հայրը ողջ է, իսկ` ճերմակ, եթէ մահացած է:

Հայրերու տօնը կը նշուի զանազան երկիրներու մէջ տարբեր թուականներու, օրինակ Ռուսիոյ մէջ անիկա կը նշուի 23 փետրուարին, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքայի եւ շարք մը այլ եւրոպական երկիրներու մէջ պահուած է հին թուականը` 19 մարտը, Միացեալ Թագաւորութեան, Սրի Լանքայի, Միացեալ Նահանգներու, Վրաստանի, Ճափոնի եւ այլ երկիրներու մէջ` յունիսի երրորդ կիրակին, իսկ արաբական աշխարհին մէջ, ինչպէս` Լիբանանը, Սուրիան եւ Յորդանանը, այս օրը կը նշուի 21 յունիսին:

Իւրաքանչիւր երկիր տարբեր ձեւով կը նշէ այս օրը, օրինակ` կարգ մը երկիրներու մէջ զաւակները իրենց հայրերուն միայն նուէր կու տան, ուրիշ տեղեր անիկա պետական տօն է, եւ ժողովուրդը արձակուրդ կ՛առնէ:

Կը կարծեմ, որ այս օրուան մայրերու օրուան չափ պէտք է կարեւորութիւն տրուի, որովհետեւ բոլոր հայրերը առաւելագոյն չափով կ՛աշխատին, որպէսզի ոչինչ խնայեն իրենց զաւակներուն եւ անոնց բոլոր երազները իրականացնեն: Առանց իրենց` Լիբանանի մէջ զաւակը չի կրնար մականուն կրել, որովհետեւ, ըստ օրէնքին, Լիբանանի մէջ կինը իրաւունք չունի զաւակները իր անունին արձանագրելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.