2018-03-18 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 18 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութինը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ու այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը,  որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ 12, 20-33) ուր Յիսուս կը յայտնէ թէ հասած է Մարդու Որդիին փառաւորուելուն ժամը։

Աւետարանին մէջ կը պատմուի թէ Յիսուս կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ ու Տօնի առթիւ մի քանի հեթանոսներ եւս այնտեղ եկած էին երկրպագութիւն ընելու. Անոնք իղձ կը յայտնեն Յիսուսը տեսնել։ Յիսուս այս մէկը իմանալով կը պատասխանէ « Հասաւ ժամը եւ մարդու Որդին պիտի փառաւորուի»։

«Բառեր որոնք կարծես կ՛անտեսեն հեթանոսներուն հարցականին պատասխանը, սակայն իրականութեան մէջ անոնք իսկական պատասխան մըն են, որով կը բացայայտուի թէ այն անձը որ կուզէ Յիսուսը ճանչնալ նայելու է Խաչին, ուր կը յայտնուի Անոր Փառքը» – ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ այսօրուան աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ մեր հայեացքը սեւեռելու խաչին, որ զարդարանք մը չէ՝ այլ հոգեւոր նշան մը, որ պէտք է հասկնալ ու անոր մասին խոկալ։ Խաչեալ Յիսուսին պատկերին մէջ կը յայտնուի Աստուծոյ Որդիին մահուան խորհուրդը որպէս սիրոյ անհուն արտայայտութիւն, կեանքի ու փրկութեան աղբիւր բոլոր ժամանակներու համայն մարդկութեան համար։

Յիսուս արդարեւ իր մահուան ու յարութեան խորհուրդը բացատրելու համար կը դիմէ ցորենի հատիկի պատկերին ըսելով «եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ ու չի մեռնի ինք միակ կը մնայ իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ»։ Ան կ՛ուզէ հասկցնել թէ իր այդ կեանքի նուիրումը պտղաբերութեան նշան է, որ շատ պտուղներ պիտի պարգեւէ։ Այսպէսով Ան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ցորենի հատիկ որ հողին մէջ իյնալով նոր կեանք պիտի պարգեւէ։

Մարդեղութեան խորհուրդով Յիսուս աշխարհ եկաւ սակայն այս մէկը բաւարար չէր, անհրաժեշտ էր որ Ան մեռնէր, որպէսզի մարդիկը ազատագրէ մեղքի ստրկութենէն ու Անոնց պարգեւէ սիրոյ մէջ հաշտուած նոր կեանք մը հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ Յիսուսին այդ արարքը պէտք է իրականացուի նաեւ մեր մէջ, որովհետեւ կանչուած ենք մերը դարձնելու զատկական օրէնքը՝ կորսնցնել մեր կեանքը ընդունելու համար նոր ու յաւիտենական կեանք մը։ Կեանքը կորսնցնել կը նշանակէ մենք մեզի ու մեր անձնական շահերուն աւելի նուազ կերպով մտածել ու գիտնալ նշմարել մերձաւորին կարիքները ու ընթանալ դէպի անոնց» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով կատարել ողորմութեան արարքներ որոնք Աւետարանը ապրելու ամենէ շօշափելի ձեւերն են ու անհրաժեշտ հիմքը որպէսզի մեր հասարակութիւնները աճին եղբայրութեան մէջ ու փոխադարձ հիւրընկալութեան մէջ։ 

Սուրբ Կոյս Մարիամը որ միշտ իր սրտին հայեացքը ուղղեց իր Զաւկին, Բեթղեհէմի քարայրէն մինչեւ Գողգոթայի Խաչը մեզ օգնէ որ անոր հանդիպինք ու զայն ճանչնանք որպէսզի կարենանք ապրիլ Անոր լոյսով ու աշխարհին տանիլ արդարութեան ու խաղաղութեան պտուղները, ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջունեց հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները, վերյիշելով Փատրէ Փիոյի սրբավայր կատարած ուխտագնացութիւնը ու այդ առընչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան, ու յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչ յանձնախումբին, տեղական իշխանութիւններուն ու մանուկներուն եւ տարեցներուն։ Շնորհակալութիւն այդ գեղեցիկ պահերուն համար որ երբեք պիտի չի մոռնամ ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.