2018-03-18 13:30:00

«Անսանք երիտասարդներու ձգտումներուն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Անսալով  երիտասարդներու ձգտումներուն կարող ենք տեսնել վաղուայ աշխարհը ու այն ուղիները որոնց վրայ  Եկեղեցին կանչուած է քալելու։ #Synod2018։ Կիրակի 18 մարտին հրապարակած սոյն թուիթով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց ողջունել յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ գումարուելիք  երիտասարդներուն նուիրուած  եպիսկոպոսական 15 սիւնհոդոսին նախապատրաստական հաւաքը, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 19-էն 24 Մարտին եւ որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ու աշխարհի եկեղեցիները ներկայացնող պատանիներ, կղերականներ, համալսարանականներ ինչպէս նաեւ մշակոյթի, մարզանքի, արուեստի ու կամաւորներու աշխարհը ներկայացնող երիտասարդներ։ Սոյն հաւաքը կազմակերպուած է Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան ու Աշխարհականներու Ընտանիքի ու կեանքի կաճարի համագործակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.