2018-03-17 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հռոմի քահանայապետական վարժարաններու նորընծաներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 16 մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Քահանայապետական վարժարաններու նորընծաներուն ու անոնց հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին անկեղծ  ու հայրական ոճով պատասխանեց անոնց ուղղած հինգ հարցումներուն հայող՝ մէկը Եւրոպայի մէկը Լատին Ամերիկայի մէկը Հիւսիսային Ամերիկայի մէկը Ափրիկէի եւ վերջինը Ասիայի։

Իր տուած պատասխաններու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց քահանաներն ու նորընծաները ունենալու «առաջնորդուելու հեզութիւնը» հուսկ ընդգծեց զատորոշումի կարեւորութիւնը ոչ միայն աղօթքի մէջ, ըսաւ Ան, այլեւ իրարու հետ համեմատուելով։ Քահանան արդարեւ ըլլալու է միշտ ճանապարհորդութեան մէջ մարդ մը որ երբեք միայնակ պէտք չէ ըլլայ - յարեց Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ճանչնալ մեր տկարութիւնները ու  խոնարհութեամբ ընդունիլ թէ կարիքը ունինք առաջնորդուելու, ինչպէս նաեւ  կարիքն ունինք յարատեւողական կազմաւորումի, որովհետեւ քահանան պէտք չէ մոռնայ թէ ինք պարզ մարդ մըն է ու կարող է նաեւ սխալիլ ու թէ քահանայ ըլլալու առաքելութիւնը կը կայանայ Հայր ըլլալու մէջ եւ ոչ թէ Աստուծոյ պաշտօնեայ կամ սրբազան բաներու պաշտօնատար։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը յանձնարարեց երբեք չի մոռնալ «թեմականութիւնը» ու հաղորդութիւնը, վառ պահելով եպիսկոպոսներուն հետ կապը ինչպէս նաեւ եղբայրակիցներուն ու հաւատացեալներուն հետ կապը, սոյն երեք ճակատները համարելով կարեւոր՝ սրբութեան ուղիին վրայ ընթանալու համար։

Ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը զգուշացուց ներկաները աշխարհիկ հոգեկանութենէն, դրամի ու իշխանութեան ձգտելու փորձութենէն, յանձնարարելով խնամք տանիլ անձնական կազմաւորումին, ըլլայ մարդկային, ըլլայ հովուական, ըլլայ հոգեւոր եւ հասարակական գետնի վրայ,  միշտ գիտակցելով  մեր սահմանափակ կարողութիւններուն, որպէսզի այդ գիտակցութեամբ մխրճուինք ժամանակակից աշխարհին մէջ ու կարողանանք դիմագրաւել մարտահրաւէրները որոնք երբեք չեն պակսիր քահանայական կեանքին մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.