2018-03-17 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ուխտաւորներ Սուրբ Փիոյի շիրիմին վրայ (Տեսանիւթ)։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն տուաւ Փիեթրալչինայի Սուրբ՝ Փատրէ Փիոյի ծննդավայրին, ապա Սուրբին կողմէ հիմնուած «Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի» հիւանդանոցին,Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի (Փատրէ Փիօ) մահուան 50-րդ տարեդարձին ու անոր մարմնին վրայ Յիսուսին հինգ վէրքերու յայտնաբերումին 100-րդ տարեդարձին զոյգ առիթներով։ 

Տեսանիւթին մէջ ներկայացուած է Սան Ճոնվաննի Ռոթոնտոյի գետնադամբանը ուր ամէն տարի՝ հարիւր հազարաւոր հաւատացեալներ կը փութան աշխարհի բոլոր վայրերէն՝ աղօթելու Քափուչին սուրբին դամբանին առջեւ։ Սուրբ Փիոն  իր մահկանացուն կնքեց 23 սեպտեմբեր 1968-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.