2018-03-17 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապը Փիեթրալչինայի մէջ. «Փատրէ Փիոն Եկեղեցւոյ մայրական սիրոյ զաւակ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 Մարտի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութեամբ մեկնեցաւ Փիեթրալչինա՝ Փատրէ Փիոյի ծննդավայրը, ուր հազիւ ժամանած այցելեց «Յիսուսի վէրքերու մատուրը» այնտեղ պահ մը ամփոփուելով լռելեան աղօթքի մէջ՝ դէմ յանդիման Փիեթրալչինայի սուրբին հետ միասին։

Այս առաջին անգամ է որ Քահանայապետ մը այցելութիւն կը կատարէ աշխարհահռչակ Փատրէ Փիոյի ծննդավայր ու այս մէկը առիթ հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին՝  հանդիպելու տեղւոյն բնակչութեան հետ ինչպէս նաեւ աշխարի զանազան վայրերէն այս առթիւ այնտեղ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն, ու անոնց ուղղելու իր սրտին խօսքը որուն մէջ յիշելով սուրբին հոգեւոր պտղաբեր կեանքի անցուդարձները սուրբը որակեց  «հաւատարիմ զաւակ որ փորձարկեց Եկեղեցւոյ Մայրութիւնը, սորվելով աղքատներուն մէջ տեսնել Տիրոջ Մարմինը», ապա հաստատեց թէ Փատրէ Փիոն կը սիրեր եկեղեցին, կը սիրեր Եկեղեցին իր ամէն հարցերով, անոր մեղքերով հանդերձ, տրուած ըլլալով որ  բոլորս ալ մեղաւորներ ենք – ըսաւ Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Սուրբին հիւանդութեան ու այդ հիւանդութեան պատճառաւ Փիեթրալչինա կեցութեան մասին, մատնանշելով թէ Սուրբը միշտ մօտիկ ու կապուած մնացած է իր գիւղին եւ գիւղացի հայրենակիցներուն, ապա մատնանշեց սուրբին ամենադժուար պայքարին զոր ան մղեց սատանային դէմ ու կարողացաւ յաղթական դուրս գալ շնորհիւ աղօթքին ու ամբողջութեամբ Յիսուսին յանձնուելուն։ 

«Եթէ դուն հարց ունիս, եթէ տխուր ես, դուն քեզ յանձնէ Յիսուսին բազուկներուն» ինչպէս ըրաւ Սուրբ Փիոն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Ան կը սիրէր Յիսուսը ու անոր կը վստահէր ամէն ինչ։ Այդ հեզ ու խոնարհ քափուչին եղբայրը, աշխարհը զարմացուց իր աղօթքի կենցաղով ու իր եղբայրներուն համբերատար ունկնդրութեամբ, որոնց տառապանքներուն վրայ զեղեց Քրիստոսին սիրոյ բալասանը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց  հետեւիլ անոր հերոսական առաքինութիւններուն որպէսզի մենք եւս դառնանք Աստուծոյ սիրոյ գործիքներ, Յիսուսին տկարներուն նկատմամբ սիրոյ գործիքներ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու խրախուսեց ներկաները հաւատարիմ ըլլալու Եկեղեցւոյ, վկայութիւն տալու հաղորդութեան, որ միակն է որ կը կառուցէ – ըսաւ Ան – դիտել տալով թէ երկիր մը որ միշտ վիճաբանութեան մէջ է չի կրնար զարգանալ ու կարելի չէ զայն կառուցել ու վախ կը յարուցէ մարդոց մէջ։

«Այդ երկիրը հիւանդ ու տխուր է։ Առ այդ ձեր մէջ անդորրութիւն թող տիրէ, հաղորդութիւն թոյ տիրէ ու եթէ ձեզմէ ոմանք իղձը կը զգան չարախօսելու ուրիշներուն դէմ, թող իրենց լեզուն խածնեն» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց դիմել Փատրէ Փիոյի ուսուցումներուն ու Անոր նայելով ՝ նոր սերունդներուն նուիրել  շօշափելի հեռանկարներ՝ լի ապագայի յոյսով եւ միւս կողմէ յատուկ ուշադրութիւն տրամադրել տարեցներուն, «որոնք հասարակութեան մը հարստութիւնն են, գանձն են, իմաստութիւնն են» ըսաւ Սրբազան Հայրը փափաք յայտնելով որ օր մը Նոպէլեան մրցանակը շնորհուի տարեցներուն՝ որոնք մարդկութեան յիշողութիւն կը պարգեւեն։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետին վերջին թելադրանքը եղաւ «պահպանել Սուրբ Փիոյի քրիստոնէական ու քահանայական վկայութիւնը, ապրելու համար կեանքի լիութիւնը, ու այս մէկը ընել հետեւելով Երանութիւններուն ու ողորմութեան գործեր իրականացնելով»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց միասին աղօթել «ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.