2018-03-17 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հայր Փիոյի ժառանգութիւնը՝ աղօթք, փոքրութիւն եւ իմաստութիւն»


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 մարտ 2018-ին, Հայր Փիոյի սրբավայր այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ, Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի մէջ,  նախագահեց համապատարագի արարողութեան՝ Սուրբին նուիրուած եկեղեցւոյ հրապարակին բացօթեայ խորանին վրայ:

Սուրբ Զոհի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց «աղօթք, փոքրութիւն եւ իմաստութիւն» երեք բառերուն վրայ:   

Խօսելով աղօթքի մասին Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ,  որ  Յիսուս ինքնաբուխ կերպով կ՝աղօթէր՝ քաշուելով ամայի վայրեր եւ Յիսուսի համար աղօթքը ընտրովի չէր այլ երկխօսութին մըն  էր՝  Հօր Աստուծոյ  հետ, աւելցնելով որ Յիսուսի   առաքեալները յայտնաբերելով  աղօթքի կարեւորութիւնը  Յիսուսին  դիմեցին Անորմէ է խնդրելով աղօթել սորվեցնէ անոնց:  

«Եթէ կ՝ուզենք Յիսուսին  նմանիլ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ուրեմն սկսինք այն տեղէն ուրկէ Յիսուս սկսաւ՝ այսինքն աղօթքէն,    աւեցնելով  որ Հայր Փիոն,  երկինք բարձրանալէ 50 տարի ետք՝  կը շարունակէ մեզի  օգնել,    որովհետեւ Ան  աղօթքը  մեզի թողած է որպէս ժառանգութիւն  եւ յանձնարարած  յարատեւ աղօթել՝ որպէս զաւակներ, առանց տքնելու  :

Նորին Սրբութիւն ապա յարեց թէ Յիսուս աւետարանին մէջ  մեզի  ցոյց կու տայ նաեւ ինչպէս աղօթել: Նախ եւ առաջ  պէտք է  Աստուած փառաբանել եւ կարելի չէ Աստուած ճանչնալ առանց  Զինք փառաբանելու եւ ժամանաք տրամադրելու Անոր – ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով , որ աղօթքը  առանձնական կապ հաստատել է Աստուծոյ հետ,  եւ Տիրոջ առջեւ լռութեան մէջ  մնալը,  գաղտնիքն է ՝Աստուծոյ հետ  միշտ հաղորդութեան մէջ մնալու:  

 «Աղօթքը սիրոյ արտայայտութիւն մըն է, որ կը պահանջէ նաեւ   հոգեւոր ողորմածութեան արարքներ»  ըսաւ Սրբազան Հայրը   աւելցնելով որ եթէ մենք՝ մեր եղբայրները ու անոնց կացութիւնները  Տիրոջ չի յանձնենք ով պիտի ընէ այդ մէկը եւ ով պիտի մտահոգուի եւ Աստուծոյ դուռը պիտի փախէ ՝ անոնց առջեւ բանալու համար  Աստուծոյ  ողորմածութեան դուռը   եւ ասոր համար է որ Հայր Փիոն  «աղօթքի խմբակցութիւններու» յանձնարարեց թէ «աղօթքն է,  որ կը շարժէ աշխարհը եւ կը վերանորոգէ խիղճերը»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ «փոքրիկութիւն»  բառին,  նշելով  որ փոքրիկները անոնք են որոնք հեզ, աղքատ եւ  բաց սիրտ ունին եւ կը զգան աղօթքի,  ապաւինելու  եւ   առաջնորդուելու պահանջը, դիտել տալով որ   Աստուած կը նախընտրէ փոքրիկները  եւ անոնց կը յայտնուի  ու կը հանդիպի,  իր կարգին դառնալով ՝փոքրիկ եւ խոնարհելով Սուրբ Հաղորդութեան մէջ,   որ է փոքրութեան,  հեզ սիրոյ խորհուրդը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ակնարկելով  «Սփոփանքի տուն»  բուժարանին մասին    յարեց որ  հոն կան բազմաթիւ Փոքրիկներ ՝Աստուծոյ նախնտրեալները,  դիտել տուաւ որ  այդ բուժարանը  Հայր Փիոն անուանած է «Աղօթքի եւ գիտութեան տաճար» ուր բոլորը կանչուած են ՝ ուրիշներու համար սիրոյ  պահեստանոց դառնալու։ Այս առրնչութեամբ Սրբազան Քահանայապտը հաստատեց թէ    

Այն որ խնամք կը տանի փոքրիկներուն, Աստուծոյ կողմը կը գտնուի  եւ կը յաղթահարէ մնացորդացի մշակոյթը»

Վերջապէս  Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ  իմաստութիւն բառին  նշելով որ իսկական իմաստութիւնը չի կայանանար մեծ տաղանդներ ունենալու մէջ եւ  իսկական հզօրութիւնը չի գտնուիր կարողականութեան մէջ ընդգծելով որ  իմաստուն չէ այն անձը որ զօրեղ կը ներկայանայ  եւ զօրեղ չէ այն անձը որ չարին կը պատասխանէ չարիքով: Ֆրանչիսկոս Պապ  շեշտեց, որ իմաստութեան միակ  եւ անյաղթահարելի զէնքը՝  եղբայրսիրութիւնն  է որ  կ՝ոգեւորուի  հաւատքէն որովհետեւ  հաւատքը ունի՝ չարի ուժերը  զինաթափելու կարողութիւնը

Դիտել տալով որ  Հայր Փիոն իր բոլոր կեանքին ընթացքին  պայքարեցաւ չարին դէմ իմաստութեամբ,  ինչպէս Տէրը  հեզութեամբ եւ հնազանդութեամբ պայքարեցաւ  խաչի միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հուսկ բացայայտեց որ  իմաստութեան ուղին   կը կայանայ Տիրոջ հետ հանդիպելու   եւ  զինք ճանչնալու մէջ,   յիշեցենլով Յիսուսի  հրաւէրը-  «ով որ ծարաւի է թող ինծի գայ» եւ դիտել տալով որ Հայր Փիոն իր ամբողջ կեանքն ու բոլոր  տառապանքները նուիրեց ՝ եղբայրները Տիրոջ մօտեցնելու ու  Անոր   հանդիպելու   համար, օգտագործելով  խոստովանանքի խորհուրդի  լաւագոյն միջոցը։

«Այսօր եւս   Հայր Փիոն մեզի կը հրաւիրէ  ըսելով  . եկուր Տէրը քեզի կը սպասէ  եւ չի կայ ոչ մի պատճառ բացառուելու  Աստուծոյ  ողորմածութենէն» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց  հայցելով  «Աղօթքի, փոքրութեան ու կեանքի իմաստութեան» շնորհքները ու զանոնք ամէն օր մշակելու պարգեւը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.