2018-03-17 09:22:00

Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչին առաջնորդարան այցը


ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Մարտ 8ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Սթիվըն Հաուըրտի, որ այս օրերուն Հարաւային Քալիֆորնիա կ՛այցելէ, հանդիպումներ ունենալու համար եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ, այս խորհուրդին առաքելութեան մասին ծանօթութիւններ հաղորդելու եւ անոր աշխատանքի ծիրը ընդարձակելու նպատակով։ Հանդիպումին ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան։

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հիւր ներկայացուցիչը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ այս կազմակերպութեան խորհրդատու մարմինին անդամակցութեան համար, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ այս կազմակերպութեան խորհրդատուի իր հանգամանքին եւ անոր առաքելութեան զօրակցելու կեցուածքին մասին։ Ան նշեց, որ յիշեալ խորհուրդը կազմուած էր, հիմնականին մէջ աչքի առջեւ ունենալով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կրած տառապանքներն ու դժուարութիւնները, ապա նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ իր աշխատանքներուն մասին, որոնց շարքին՝ ճիգ ընել, որպէսզի Քոնկրեսը օրէնքներ որդեգրէ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Խորհուրդին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելն է դաշնակցային մակարդակի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.