2018-03-17 09:17:00

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնը։


Շաբաթ` 17 մարտին կը յիշատակուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնը։ Սուրբ Գրիգոր հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաջին պաշտօնական հայրապետը կը նկատուի որ Ոսկեդարու գրողներէն Ագաթանգեղոսի կողմէ նկարագրուած է իբր Քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մօտ հաստատող եւ տարածող հիմնական դէմք: Անոր կրօնական աշխատանքը այնքան ազդեցիկ եւ որոշիչ եղած է որ ան նկատուած է հայ ժողովուրդի «Հայր եւ Լուսաւորիչ»:

Հայաստանեայց եկեղեցին տարին քանի մը անգամ կը յիշատակէ Սուրբ Գրիգորի անունը, հիմնուելով անոր կեանքի յատկանշական հանգրուաններուն վրայ: Այսպէս՝ Խոր Վիրապ մտնելը, Խոր Վիրապէն ելլելը, եւ «Գիւտ նշխարացը»ը: Վարի շարականի հեղինակը Յովհաննէս Երզնկացին է (Պլուզ) (1220/30-1293թթ.): Այս շարականը կ’երգուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք տօներէն առաջինին` “Մուտն ի վիրապ”-ի ժամանակ: Այդ օրը Գալստեան Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրն է:

Կանոն՝ Սրբոյն Գրիգոր Լուսաւորչին Մտնելոյն ի Վիրապն։

Այսօր զուարճացեալ ցնծայ եկեղեցի. դրախտ աստուածատունկ ծաղկեալ. յորմէ տուաւ մեզ տունկն անմահութեան տէր Գրիգորիոս. եւ պտղովն իւրով ելից զտիեզերս ամենայն: Բարունակ ողկուզաբեր ճշմարիտ որթոյն. մշակեալ հայրական աստուածային աջոյն. յորմէ բղխեաց բաժակն ուրախարար տրտմեցելոյ ազինս. որով արբեալ զմայլեցաք յուրախութիւն հոգեւոր: Գարնանաբեր հնչումն հարաւային հողմոյն. ճառագայթեալ հրով աստուածային Հոգւոյն. որով հալեցաւ սառն կռապաշտութեան հիւսիսաբնակ ազանց. եւ եղեն ծաղկեալք աստուածային գիտութեամբն:








All the contents on this site are copyrighted ©.