2018-03-17 09:21:00

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը ԱՄՆ-ի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի առաջնորդին։


ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 15 Մարտի առաւօտեան, Պարգեւ սրբազան այցելեց Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցի եւ տեսակցեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի հետ: Հանդիպման նաեւ ներկայ եղան հայր Արմենակ Պետրոսեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ:

Հոգեւոր զոյգ պետերու զրոյցը ընդգրկեց հայրենական եւ ազգային հարցեր, ապա, անդրադառնալէ ետք Լոս Անճելըս այցելութեան նպատակին, Պարգեւ սրբազան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ներկայ կեանքին եւ պետական մակարդակով խրախուսուող վերաբնակեցման ծրագիրին մասին՝ նշելով, որ Արցախէն արտագաղթողներուն թիւը նուազ է ներգաղթողներէն, իսկ պետութիւնը գրաւիչ պայմաններ կը ստեղծէ յատկապէս բազմազաւակ ընտանիքներու համար, որպէսզի անոնք բնակութիւն հաստատեն յատկապէս սահմանային գիւղերու մէջ: Ան ուրախութեամբ աւելցուց, որ Արցախի բնակիչներուն եւ ծնելիութեան թիւը վերջին տարիներուն աճ արձանագրած է, միաժամանակ նշելով, որ շրջանին մէջ քահանաներու պահանջը մեծ է, ու ներկայիս թիւով միայն տասը քահանայ կը գործէ Արցախի 272 գիւղերու բնակիչներու հոգեւոր կարիքներուն համար:

Տեսակցութեան աւարտին, Միքայէլ եպս. Մուրատեանի առաջնորդութեամբ, Պարգեւ սրբազան եւ ընկերակիցները շրջագայեցան եկեղեցւոյ բոլոր բաժանմունքներուն մէջ. Արցախի հովուապետը վերյիշեց իր առաջին այցելութիւնը եկեղեցի, որ 18 տարի առաջ էր, երբ կառոյցը տակաւին շինարարական աշխատանքներու մէջ էր:

ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Կէսօրին, առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի առաջնորդութեամբ, Արցախի հոգեւոր պետը ու ընկերակիցները այցելեցին Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարան, ուր եւ ընդունուեցան վարժարանի պատասխանատու քոյրեր՝ Լուսինէի եւ Գայեանէի, ինչպէս նաեւ փոխտնօրէնուհի Սոնա Գազանճեանի կողմէ: Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ ծաւալեցաւ զրոյց, ապա հոգեւոր հայրերը շրջագայեցան վարժարանին մէջ եւ այցելեցին դասարանները: Աշակերտները ակնկառոյց կը սպասէին Արցախէն ժամանած հիւրին, որուն հետ զրուցեցին հայերէն, ապա երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ պատասխանեցին Պարգեւ սրբազանի հարցումներուն, ականջ դնելով անոր հայրական ու ազգայնաշունչ յորդորներուն:

Հայ Քոյրերու վարժարանի սաներուն հետ հոգեպարար այս պահը աւարտեցաւ բարձր տրամադրութեամբ, իբրեւ յիշատակի նուէր Պարգեւ սրբազանի մատուցուեցաւ վարժարանի տարեգիրքը, մինչ իւրաքանչիւր աշակերտի հոգիէն ներս կը շարունակէր ղօղանջել Արցախ աշխարհի հոգեւոր կանչը…

Նոյն օրը երեկոյեան, Արցախի ազատագրութեան 30ամեակի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի «Impressions» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ընթրիք, ի պատիւ Արցախ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի:

Մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք յառաջիկային:

Յիշեցնենք, որ Արցախի 30ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Մարտին, առաւօտեան ժամը 11էն երեկոյեան ժամը 6, Verdugo Parkի մէջ, Կլենտէյլ:

Քաղուած  «Ասպարէզ» էն - ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.