2018-03-16 12:36:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16 մարտի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 16 Մարտ 2018ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր առօրեայի պաշտօնական  գործունէութիւնը սկսաւ ժամը 9-ին, իր մասնակցութիւնը բերելով Առաքելական Պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցած Քառասնորդացի չորրորդ խորհրդածութեան նիստին, զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը՝ Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ այս տարուայ մտածականներու որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրած է Պօղոս Առաքեալի հռոմէացիներուն ուղղած նամակէն սոյն հատուածը «Լեցուեցէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հոգիով» (Հռոմ 13,14), քրիստոնէական սրբութիւնը պօղոսեան ուսուցումներուն մէջ»։

Քառասնորդացի խորհրդածութեան նիստէն ետք Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովին կառավարիչը Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, ապա ընդունեց Իսլամական համագործակցութեան ընդհանուր քարտուղարը՝ Տիար Եուսսէֆ Էլ Ութհայմին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, որոնցմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Ռընէ Սամուել Սիրա Րաբունապետին, հուսկ ընդունեց Պաղեստինի գաղթականներու գործակալութեան ընդհանուր յանձնակատարը՝ Տիար Փիէր Քրահենպուհլը, հուսկ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Հռոմի Քահանայապետական վարժարաններու ու եկեղեցական հաստատութիւններու աշակերտութեանց։








All the contents on this site are copyrighted ©.