2018-03-16 08:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը «Փատրէ Փիոյի» սրբավայրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 Մարտ 2018-ին, Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի (Փատրէ Փիօ) մահուան 50-րդ տարեդարձին ու  անոր մարմնին վրայ Յիսուսին հինգ վէրքերու յայտնաբերումին 100-րդ տարեդարձին զոյգ առիթներով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Պենեվենթօ Թեմին մաս կազմող սուրբ «Padre Pio»-ի քաղաքը՝ Փիեթրալչինա, եւ ապա Անոր հիմնած Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ հիւանդանոցին։

Նորին Սրութեան այս յատկանշական հովուական այցելութեան նախօրեակին Մանֆրետոնիա –Վիեսթէ - Սան Ճովաննի թեմը յատուկ ուրախութեամբ, աղօթքով ու խորհրդածութիւններով կը պատրաստուի ընդունելու Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիսանայ ապա առաջին Քահանայապետը որ պիտի այցելէ «Փատրէ Փիոյի» ծննդավայրը՝ Փիեթրալչինան։

Նորին Սրբութեան սոյն այցելութեան նախօրեակին Մանֆրետոնիա –Վիեսթէ - Սան Ճովաննի թեմին առաջնորդ գերապայծառ Միքելէ Քասթորօ  հաստատած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ սիրահարուած է «Փատրէ Փիոյով», ապա մատնանշած է Սուրբին օրինակելի կենցաղի մասին, անոր խոնարհութեան ու անոր նուիրական հոգեւոր կեանքի մասին։ Առաջնորդը ապա նշած է թէ թեմին երիտասարդները յատուկ կերպով  կը պատրաստուին ընկալելու Ֆրանչիսկոս Պապը անորմէ ակնկալելով քաջալերական խօսքեր։

Հազիւ 7 ժամ տեւող սոյն հովուական այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է որ Սրբազան Քահանայապետը  Փիեթրալչինա ժամանէ առաւօտեան 8-ին, ու դիմաւորուելէ ետք տեղւոյն եպիսկոպոս գերապայծառ Ֆելիչէ Աքրոքքայի եւ Փիեթրալչինայի քաղաքապետ՝ Տիար Տոմենիքօ Մազոնէի կողմէ,  պահ մը կ՛ամփոփուի «Յիսուսի վէրքերու» նուիրուած մատրան մէջ, ուր աւանդութեան համաձայն Սուրբը ստացաւ Յիսուսին վէրքերը, ապա հանդիպում կ՛ունենայ Փիեթրալչինայի բնակչութեան հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը ու Փիթրլչինայէն չի մեկնած հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Քափուչին միաբանութեան հասարակութեան հետ։ 

Նորին Սրբութեան հովուական այցելութեան երկրորդ փուլը կը հանդիսանայ «Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ» քաղաքը ուր այնտեղ եւս կը դիմաւորուի  Թեմին եպիսկոպոսին՝ գերապայծառ Քասթորոյի  ու քաղաքի քաղաքապետին կողմէ, ապա անոնց հետ միասին կ՛ուղղուի Փատրէ Փիոյի հիմնած «Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ» հիւանդանոց՝ ուր այցելելէ ետք  մանկաբուժարանը, այցելութիւն կու տայ նաեւ «Santa Maria delle Grazie – Շնորհքներու Տիրամօր» նուիրուած սրբավայրը, ողջունելով այնտեղ բնակող Քափուչին միաբանութեան անդամները, ու կը մեծարէ Սան Փիօ Տա Փիեթրալչինա Սուրբին աճիւնը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ կը փոխադրուի «San Pio da Pietrelcina»-ի նուիրուած եկեղեցւոյ հիւանդանոցի հրապարակ ուր կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին կ՛ողջունէ քաղաքական իշխանութիւններու պատուիրակութիւնը ու կարգ մը հաւատացեալներ ապա հրաժեշտ առնելով ներկաներէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ պիտի այցելէ Սան Ճովաննի Ռոթոնտոն, իր նախորդներէն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ ետք։

Սուրբ Փիոն իր մարմնին վրայ կրած է Յիսուսին հինգ վէրքերը։ Անոնք յայտնաբերուած են 20 սեպտեմբեր 1918-ին ու սուրբին Մարմնին վրայ մնացած են 50 տարիներ ամբողջ մինչեւ անոր մահը։ Այդ վէրքերը ուսումնասիրուած են նաեւ բազմաթիւ բժիշկներու կողմէ որոնց համար կարելի չէ եղած ոչ մէկ տրամաբանական պատասխան տալ։ Անոր մահուընէ մի քանի շաբաթներ առաջ անոնք կամաց կամաց սկսած են անհետանալ ու վերջին վէրքին կեղեւը ինկած է անոր մահուան նախօրեակին ու սուրբը իր մահկանացուն կնքած է առանց այդ վէրքերուն։ Այս բոլորը փաստուած են Սրբադասման դատին առթիւ շարադրուած 100 թղթածրարներուն մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.