2018-03-16 08:59:00

Քրեմլին. «Սքրիփալի հարցով Լոնտոնին մեր հակադարձութիւնը պիտի չուշանայ»


Քրեմլին  յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու այլ նախարարութիւններ կը պատրաստեն լրտես Սերկէյ Սքրիպալի թունաւորման հարցով Բրիտանիոյ հակադարձութեան առաջարկներ` նշելով, որ հակադարձութիւնը պիտի չուշանայ, եւ վերջնական որոշումը կը պատկանի Վլատիմիր Փութինին:

Քրեմլին նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ նկատմամբ Բրիտանիոյ կեցուածքը «անպատասխանատու» է եւ «Լոնտոն միջազգային օրէնքը կը խախտէ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Մոսկուա շուտով բրիտանացի դիւանագէտներ պիտի արտաքսէ` հակադարձելով Լոնտոնի կողմէ ռուս դիւանագէտներու արտաքսման քայլին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Մոսկուա մօտ օրէն պիտի որդեգրէ Լոնտոնին հակադարձելու միջոցառումներ»: Ան Սքրիփալի հարցով Լոնտոնի որդեգրած միջոցառումները նկատեց «քարոզչական ու քաղաքական շոու»:

«Արեւմուտքը կը փորձէ լրտես Սքրիփալի հարցը կապել սուրիական քիմիական հարցին», նշեց Զախարովա:

Միւս կողմէ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Ռուսիոյ պատասխանատուութեան «հաւաստի այլընտրանքային բացատրութիւն գոյութիւն չունի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.