(Ռատիօ Վատիկան) «Անմեղներու սպանդը»։ Այս բառերով է որ՝ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ՝ Կարդինալ Մարիօ Զենարի արտայայտուեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող 7 տարուայ պատերազմի մասին, ընդգծելով թէ «այսօր եւս բազմաթիւ մարդիկ կը մեռնին դեղորայքի պակասի բերումով»։
Բնակչութեան 80 առ հարիւրը արդարեւ կ՛ապրի հետին աղքատութեան մէջ ու առողջապահական միջոցներու պակասը կը հարուածէ 11.5 միլիոն բնակչութիւնը, որուն 40 առ հարիւրը մանուկներ են։ Այս իրողութիւնէն մեկնելով է որ Կարդինալ Զենարի ձեռնարկած է «Բաց հիւանդանոցներ» ծրագիրը, որուն մատակարարումը յանձնած է միջազգային «ԱՎՍՒ» կազմակերպութեան եւ որուն իր աջակցութիւնը ապահովեցուցած է Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը։
Ծրագիրը որ մեկնարկեց անցեալ Յուլիս 2017-ին, կը հայի՝ կրօնական հաստատութիւններու պատկան Դամասկոսի երկու հիւանդանոցներու ու Հալէպի մէկ հիւանդանոցի որոնք Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի՝ 1 միլիոն գումարի ներդրումին շնորհիւ դարձեալ պիտի սկսին գործել ու ծառայել Սուրիոյ կարիքաւորներուն։ Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ բժիշկներու ու առողջապահական գործիչներու կազմաւորում, տրուած ըլլալով որ այս տարիներու ընթացքին անոնցմէ շատերը ստիպուած եղան լքել ու հեռանալ երկրէն» դիտել տուած է Դամասկոսի մօտ առաքելական դեսպանը որ ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին, Անոր ցուցաբերած մօտիկութեան ու զօրակցութեան, եւ անցեալ 23 սեպտեմբերին հռչակած Սուրիոյ Համար Աղօթքի օրուան, ինչպէս նաեւ ծրագրի գործընթացին մօտէն հետեւելուն համար ու ծրագրի իրականացումը քաջալերելուն համար։
All the contents on this site are copyrighted ©. |