2018-03-16 08:55:00

Արցախի նախագահը այցելեց Միացեալ Նահանգներու քոնկրես


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 մարտին այցելած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրես:

Նախագահը հանդիպում ունեցած է արտաքին հարցերու յանձնախումբի խումբ մը անդամներու հետ, քննարկած Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:

Այնուհետեւ` Քոնկրեսին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն` նուիրուած արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու  օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինին մէջ կազմակերպուած հանդիպումները` նշելով, որ անոնք նաեւ կը բարձրացնեն «մեր պատասխանատուութեան աստիճանը` յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու, երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ»:

«Ես լաւատես եմ` այդպէս ալ պիտի ըլլայ, քանի որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մենք կը դիտարկենք իբրեւ բարեկամ երկիր, պետութիւն, որ միլիոնաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք: Լաւատես եմ, որովհետեւ մենք այստեղ ունինք հաւատարիմ, ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ, որոնք արդէն երկար տարիներ մշտապէս Արցախի հետ եղած են, կ՛աջակցին մեր ժողովուրդին, աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն մեր երկրին մասին: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր բարեկամական կապերը, որոնք կը նկատենք նաեւ մեծ հարստութիւն», իր ելոյթին մէջ շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան նշած է, որ հանրապետութեան մէջ կարեւոր կը նկատեն ամերիկացիներու սատարումը Արցախին, եւ այստեղ իրենց ուրոյն տեղը ունին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը, բարեկամ քոնկրեսականներն ու ծերակուտականները:

Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ եւ արդարացի լուծման գործին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը եղած է, կայ եւ պիտի մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը», ընդգծած է նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նախագահ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ  յանձնած է Միացեալ Նահանգներու խումբ մը քոնկրեսականներու եւ ծերակուտականներու` Արցախին սատարելու եւ Արցախ-Միացեալ Նահանգներ  յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.