2018-03-16 08:51:00

Հազարաւոր քաղաքայիններ Համուրիէի ճամբով հեռացան արեւելեան Ղութայէն


Սուրիական  բանակը երէկ ամբողջութեամբ ազատագրեց Արեւելեան Ղութայի Համուրիէ գիւղը: Նախքան այդ, հազարաւոր քաղաքայիններ Համուրիէի ճամբով հեռացան Արեւելեան Ղութայէն, երբ սուրիական բանակը մարդասիրական անցքի ճամբով անոնց դուրս բերման համար ելք մը տրամադրեց:

Իրենց կարգավիճակը կարգաւորելու շուրջ սուրիական բանակին հետ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք զինեալներ եւս դուրս եկան Արեւելեան Ղութայէն:

Սուրիական բանակը մէկ օր առաջ հասած էր Համուրիէի դարպասները եւ քաղաքայիններուն դուրս բերման համար անցք մը բացած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.