2018-03-15 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 մարտի քարոզը. «աղօթքը կարիք ունի քաջութեան եւ համբերութեան»


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 մարտ 2018-ին, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցած քարոզին  առանցքը եղաւ աղօթքի զօրութիւնը որուն ընթացքին Ան  նշեց որ քաջութիւնն ու համբերութիւնը աղօթքի յատկութիւններն են, եւ թէ պէտք ենք Աստուծոյ աղօթել  ազատութեամբ որպէս զաւակներ:

Մեկնարկելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն, քաղուած Ելիզ գիրքէն,  ուր կը խօսուի Տիրոջ եւ Մովսէսի միջեւ կայացած երկխօսութեան մասին որ կը հայի  Իսրայէլի ժողովուրդին  հաւատ ուրացումին, որուն համար  Մովսէս Աստուծմէ կը խնդրէ  որ  չբարկանայ ժողովուրդին վրայ,  Աստուած փառաբանել դադրած ըլլալուն ու  ոսկիէ եզը պաշտելուն համար, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ Մովսէսի՝ համարձակութեան ու քաջութեան վրայ,  որ չի վարանեցաւ  ճշմարտութիւնը ըսելէ եւ չուզեց ենթարկուիլ կաշառակերութեան, ու   հաստատեց որ այս մէկը Աստուծոյ շատ հաճելի է, որովհետեւ Աստուած կը յուզուի երբ կը տեսնէ անձ մը որ կ՝աղօթէ բանի մը համար:     

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա բարեխօսութեան աղօթքի մասին,  յորդորելով  որ երբ մէկու մը համար բարեխօսութեան աղօթք կը կատարենք պէտք ենք  համբերատար եւ յարատեւողական ըլլալ ինչպէս նաեւ պէտք ենք քաջութեամբ ու համբերութեամբ Աստուծոյ դուռը բախենք  որպէսզի Աստուած մեր խնդրանքները լսէ, ըսաւ Սրբազան հայրը ցոյց տալով բարեխօսութեան աղօթքի ուղին ու հաստատելով թէ բարեխօսական աղօթքը ներգրաւում է դիտաւորութեան հետ անձին հետ որուն համար կ՛աղօթեմ։ Ան ապա քարոզը աւարտեց հայցելով Աստուծմէ որ մեզի շնորհէ աղօթելու շնորհքը, ազատութեամբ Աղօթել Աստուծոյ առջեւ որպէս զաւակներ,  աղօթել յարատեւողական կերպով եւ համբերութեամբ: Եւ ամէնէն  առաջ աղօթել այն գիտակցութեամբ որ ես կը խօսիմ իմ Հօրս հետ, ու թէ իմ Հայրս ինծի մտիկ պիտի ընէ:   Թող Տէրը օգնէ մեզի՝  յարատեւելու բարեխօսութեան այս աղօթքին մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.