2018-03-15 08:56:00

13 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան մօտ հիւրընկալուած փախստականներ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Երեքշաբթի 13 մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Տոմուս Սանթա Մարթայի իր նստավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիւր՝ շարք մը փախստականներ եւ հիւանդներ, ընկերակցութեամբ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախագահ Տիար Մարքօ Իմփալիացցոյի»։ Լուրը կը հաղորդէ Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը նշելով նաեւ թէ  Քահանայապետի հետ հանդիպումը տեղի ունեցած է Հասարակութիւնը  50 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին հասարակութեան կեդրոնատեղիին տուած այցելութենէն ետք ու թէ հանդիպման ընթացքին վերոնշեալ «հիւրերը» Նորին Սրբութեան պատմեցին իրենց կեանքի տխուր պատմութիւնը՝ ապրուած որպէս փախստական։

Հանդիպման առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ուզած է մանրամասնօրէն տեղեկանալ «Մարդկային նրբանցքներու» ծրագրի մանրամասնութիւններու մասին ու այդ առընչութեամբ վերահաստատած է այդ «նրբանցքներու» զարգացումին հարկաւորութիւնը, օգնութեան հասնելու համար գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.