2018-03-15 10:05:00

Փաքիստանի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Փաքիստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները այս օրերուն կը գտնուին Հռոմի մէջ, ուր ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Հինգշաբթի 15 մարտի առաւօտեան, եպիսկոպոսները իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին, ապա աւելի ուշ առանձնական հանդիպում ունեցան Անոր հետ, որուն ընթացքին, Գերապայծառ Քութսի  խօսքերով, հրաւէր ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին Փաքիստանը այցելելու։

Գերապայծառ Քութս հաստատած է թէ այդ հրաւէրի առաջարկին յաւակնութիւն տուած է նաեւ Փաքիստանի Պետութիւնը։ «Ֆրանչիսկոս Պապը արդարեւ մեծապէս գնահատուած է բոլոր փաքիստանցիներու կողմէ՝ ներառեալ մահմետականներէն, որոնք զայն կը նկատեն խաղաղութեան մարդ մը» ըսած է Գերապայծառ Քութս։ 

Փաքիստանի իսլամական հանրապետութիւնը ունի 796.096 քմ քառակուսի տարածք եւ գրեթէ 189 միլիոն  բնակչութիւն որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմուած է Իսլամներէ՝ 97 առ հարիւր, մինչ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան 2 առ հարիւրը, որոնցմէ միայն 0.7 առ հարիւրը կաթողիկէ են, հուսկ կան Ինտուններ՝ 1.8 առ հարիւր եւ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներ (1.2 առ հարիւր)։

Փաքիստանի Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը կ՛ապրի դժուարութեան մէջ, յատկապէս եկեղեցիներու դէմ կիրարկուած յարձակումներու բերումով։ Վերջին յարձակումը արդարեւ տեղի ունեցաւ անցեալ 17 դեկտեմբերին՝ Քուեթթայի Մեթոտիս Եկեղեցւոյ մը դէմ։ Այլ հարց մըն է նաեւ «կրօնամերժութեան» օրէնքը,  որուն հիման վրայ քրիստոնեաները յաճախ կը մեղադրուին « Մոհամմատը անարգելու»  մեղադրանքով, որուն պատճառաւ Ասիա Պիպի փաքիստանցի քրիստոնեայ կին մը մահապատիժի դատապարտուած է ու 2009-էն ի վեր  կը գտնուի Փաքիստանի բանտերուն մէջ։

Միւս կողմէն սակայն Փաքիստանի քրիստոնեայ փոքրիկ հասարակութիւնը կը վայելէ միջազգային հանրութեան զօրակցութիւնը ու այս մէկը, ըսաւ Գերապայծառ Քութս, մեզի համար քաջալերանք է յառաջ ընթանալու ու հասկնալու թէ միայնակ չենք։

Փաքիստանի Եկեղեցական կառոյցը ունի երկու աւագ թեմեր, չորս ենթաթեմեր եւ մէկ առաքելական գործակալութիւն։ Կաթողիկէ եկեղեցին յատկապէս յանձնառու է ընկերային, դաստիարակչական ու բժշկական ասպարէզներէն ներս, հարիւրաւոր դպրոցներու ու հաստատութիւններու միջոցաւ, որոնք բաց են նաեւ այլ կրօններու պատկան աշակերտներուն։ Եկեղեցին ապա իր բարեսիրական կառոյցներով հոգ ու խնամք կը տանի բազմաթիւ աղքատներու ինչպէս նաեւ յատուկ ծրագիրներ մշակած է մանուկներուն համար ու հակառակ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքներուն Կաթողիկէ Եկեղեցին յանձնառու կը մնայ միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս յատկապէս իսլամներու հետ երկխօսութեամբ։

 

Քրիստոնէութիւնը Փաքիստանի մէջ մուտք գործած է առաջին դարուն ընթացքին, Սուրբ Թովմասի եւ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալներու քարոզութեամբ։ Ապա 8-րդ դարուն այնտեղ իրենց առաքելութիւնները հաստատած են Քարմելիթեան եւ Ակոսթինեան միաբանութիւնները, ու յետագային նաեւ Յիսուսեանները։

1951-ին կը կնքուի Փաքիստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու համաձայնագիրը եւ 1981-ի Փետրուար ամսուայ 16-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ՝ իր առաքելական 9-րդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս կ՛ այցելէ  Փաքիստանի Քարաքի քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.