2018-03-15 09:12:00

Վարչապետ Կարապետեան. «Պիտի ունենանք տրամաբանական, զարգացող եւ արդար երկիր»


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ անդրադարձած էինք երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հոգեւոր, ազգային եւ կուսակցական պատասխանատուներու եւ լիբանանահայ գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին վարչապետ Կարապետեան անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան կատարած  բարեփոխումներուն եւ ըսած. «Բառացիօրէն բոլոր ոլորտներուն մէջ կան փոփոխութիւններ` կառավարման համակարգ, հարկային, մաքսային, հակափտածութիւն, կրթական, առողջապահական, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն, դատական համակարգ եւ այլն»:

«Մեր արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ մենք Հայաստանի մէջ  կրցած ենք ապահովել հարթակ մը, ուր կրցած ենք համատեղել անհամատեղելին. նկատի ունիմ Եւրասիական միութեան մեր անդամակցութիւնը, Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, Իրանի հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու հետ, օրինակ` Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Ճափոնը, Նորվեկիան, Զուիցերիան: Ատիկա առիթ կու տայ, տեղակայուելով Հայաստանի մէջ, ունենալով ձեռնարկութիւն, առեւտուր ընել Հայաստանի մէջ, մտնել շատ աւելի մեծ շուկաներ», ըսած է վարչապետը:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Կարապետեան ըսած է. «Վստահ եղէք, որ մենք պիտի ունենանք տրամաբանական, զարգացող եւ արդար երկիր: Այդ երկրի կառուցման մէջ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր մասնաբաժինը բերել: Անպատճառ ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք Հայաստանի վրայ, ստեղծեցէ՛ք ձեր անկիւնը, նաւահանգիստ, բան մը, որ ձեզի վստահութիւն պիտի տայ», նշած է վարչապետ Կարապետեան:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.