2018-03-15 09:04:00

Կարդինալ Սանտրիի նամակ հրաւէրը Սուրբ Երկրի ի նպաստ տարեկան դրամահաւաքի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի Քառասնորդացի աւագ ուրբաթ օր Եկեղեցին կ՝առաջարկէ դրամահաւաք կատարել Սուրբ երկրի ի նպաստ: Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, երեքշաբթիւ 13 մարտ 2018ին,  աշխարհի համայն կաթողիկէ եպիսկոպոներուն յղած նամակին մէջ հրաւիրեց    եպիսկոպոսները  անսալու Միջին արեւելքի  հազարաւոր մարդոց՝ արտասուքին, «որոնք զուրկ են ամէն ինչէ»  գրեց ծիրանաւորը դիտել տալով,  որ աղօթքէն զատ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են նաեւ նիւթական օժանդակութիւն շնորհելու ՝ աւագ ուրբաթ օրուայ աւանդական դրամահաւաքի միջոցաւ, մասնաւորապէս Սուրիոյ  եւ Իրաքի բնակչութեան։      

 Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը ապա Սուրբ Երկրի ի նաստ դրամահաւաքը նկատեց առիթ միանալու Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ընդգծելով  քրիստոնեաներուն նեցուկ կանգնելու  բարեսիրական գործունէութիւններու կարեւորութիւնը։

 «Չենք կրնար մոռնալ հազարաւոր անձերուն՝մանուկներուն երիտասարդներուն լացն ու ողբը, որոնք թիրախ են բռնութիւններու՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ հակամարտութիւններուն պատճառաւ»  գրեց ծիրանաւորը նամակին մէջ մատնանշելով «Իրաքի Նինուէ քաղաքի ազատագրումէն ետք բազմաթիւ հաւատացեալներու ծննդավայր վերադառանալու փափաքին» ու նշելով թէ այս մէկը կը կարօտի յարատեւ աղօթքի, տնտեսական օժանդակութեան եւ քրիստոնէական եղբայրասիրական գործերուն:

 Կարդինալ  Սանտրի նամակը աւարտեց  նկատել տալով, որ շնորհիւ բարի կամք ունեցող անձերու համագործակցութեան ու վեհանձնութեան, Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքը,  2017 տարեշրջանին հովանաւորած է բազմաթիւ զանազան  ծրագիրներ:  

Ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքով այս յատուկ նիւթական օժանդակութիւնը կը սատարէ  սուրբ վայերուն պահպանումին եւ կը  քաջալերէ տարածաշրջանէն ներս քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.