2018-03-15 08:28:00

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Ս. Աջերու թափօր Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով


Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին եւ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ Օրուան առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի պիտի ունենան շարք մը արարողութիւններ որոնց շարքին.

12-17 Մարտ
* Ամէն օր երեկոյեան հսկում ժամը 5-ին։
* Շաբաթ 17 Մարտին Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ առաւօտեան ժամը 9։30-ին։
* Շաբաթ 17 Մարտին Հսկումի արարողութիւն՝ երեկոյեան ժամը 7-ին։

Կիրակի, 18 Մարտ
Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, որուն պիտի հետեւի Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՋով գլխաւորուած սրբազան մասունքներու թափօրը՝ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ քահանայից դասուն։

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ՝

Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին

Արարողութեանց եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն, որմէ ետք հաւատացեալներ աջահամբոյրով պիտի ստանան Ս. Լուսաւորիչի Աջին օրհնութիւնը, զօրացնելու համար իրենց լուսաւորչահաստատ հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.