2018-03-14 08:00:00

«Ֆոքոլարինի» եկեղեցական շարժումի հիմնադիր՝ Քիարա Լուպիխի մահուան 10-րդ տարեդարձը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 մարտին, կը նշուի «Ֆոքոլարինի» եկեղեցական շարժումի հիմնադրուհի Քիարա Լուպիխի մահուան 10  տարեդարձը: Ան արդարեւ իր մահկանացուն կնքեց 88 տարեկանին՝ երկարատեւ հիւանդութեան մը աւարտին, «Ռոքքա Փրիորա» գիւղաքաղաքին մէջ՝ 14 Մարտ 2008-ին: Անոր մահուան առթիւ, այդ ժամանակուան  Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ ցաւակցական  հեռագիր  մը յղած էր որուն մէջ գրած էր հետեւեալը.

«Հոգեպէս եւ սիրով նեցուկ կը կանգնիմ  Ֆոքոլարինի շարժումի համայն հիմնարկի, որուն հիմնադիրը եղած է  Քիարա Լուպիխը: Նեցուկ կը կանգնիմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը գնահատեն  Քիարա Լուպիխին յանձնառումը՝ ի սպաս եկեղեցւոյ միութեան,   համամիութենական երկխօսութեան եւ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան»:

Պենետիկտոս ԺԶ ապա շնորհակալութիւն յայտնած է Աստուծոյ՝ Քիարա Լուպիխի կեանքի վկայութեան համար,  որուն ընթացքին  ան  անսաց ժամանակակից մարդոց կարիքներուն՝  հաւատարիմ գտնուելով  Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին: 

Պենետիկտոս Պապ ցաւակցագիրը աւարտած  է մաղթելով որ  բոլոր անոնք որոնք ճանչցան ու հանդիպման  Քիարա Լուպխին, կարենան  ընթանալ Անոր  հետքերուն վրայ եւ վառ պահել Անոր միսիոնարական շնորհապարգեւը:       








All the contents on this site are copyrighted ©.