2018-03-14 09:41:00

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը կին մըն Է


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնազրկեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը եւ այդ պաշտօնին նշանակեց «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոն:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն նշանակուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասնագէտ Ճինա Հասփըլ: Մինչ այդ, ան «Սի.Այ.Էյ.»-ի փոխտնօրէնն էր: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կին մը կը ստանձնէ այդ պաշտօնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.