2018-03-14 11:00:00

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն. «Հայր մեր Աղօթքը ու հացի բեկանում»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Երբ սեղան նստաւ անոնց հետ, առաւ հացը, օրհնեց, եւ կտրելով տուաւ անոնց:  Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու ճանչցան զինք, իսկ ինք աներեւոյթ եղաւ անոնցմէ»: Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 14 մարտի առաւօտեան, ներկայացուց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով մեկնաբանել սուրբ պատարագի արարողութիւնը, խօսքը կեդրոնացուց «Հայր մեր» աղօթքի ու հացի բեկանումի վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, վերջին ընթրիքի պահուն Յիսուս առաւ հացն ու գինին, գոհութիւն մատուցեց Աստուծոյ, ու բեկանեց հացը։ Պատարագի ընթացքին այդ դրուագը կը կրկնուի Հայր մեր աղօթքէն ետք որով սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Հաղորդութեան բաժինը։

«Հայր մեր» հասարակական աղօթքը Աստուծոյ զաւակներուն աղօթքն է, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «չկայ աւելի գեղեցիկ ու լաւ աղօթք մը քան այն աղօթքը զոր նոյնինքն Յիսուս սորվեցուց մեզի, որպէսզի լաւապէս պատրաստուինք իր հետ հաղորդութեան»։

Այդ աղօթքով մենք կը համարձակինք Աստուած կոչել Հայր, որովհետեւ վերածնեցանք Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մէջ, շնորհիւ Սուրբ Հոգիին։ Այդ աղօթքին մէջ Տիրոջմէ կը հայցենք որ մեզի պարգեւէ առօրեայ հացը, որ յատուկ մատնանշում է նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան, որուն կարիքը ունինք ապրելու համար որպէս Աստուծոյ զաւակներ։

Աղօթքին մէջ կը հայցենք նաեւ մեղքերու թողութիւնը, յանձնառու ըլլալով   նոյնը ընելու մեր պարտապաններուն։ Հայր մեր աղօթքը առ այդ մեր սիրտը կը բանայ Աստուծոյ ու միեւնոյն ատեն մեզ կը մղէ եղբայրական սիրոյ։ Աղօթքին մէջ  Աստուծմէ կը հայցենք որ մեզ փրկէ չարէն, չարը՝ որ մեզ կը բաժնէ Անորմէ ու մեր եղբայրներէն։ Ահա այս պատշաճ խնդրանքներով է որ մենք կը պատրաստուինք ընդունելու Սուրբ Հաղորդութիւնը - յարեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց թէ «Հռոմէական ծիսակատարութեան մէջ  աղօթքին յաջորդող «եղբայրական ողջոյնը»  կը բացայայտէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու փոխադարձ սէրը»։

Աղօթքէն ետք Քահանան կը բեկանէ հացը ու հասարակութիւնը աղերս կը բարձրացնէ առ Աստուած ըսելով «գառն Աստուծոյ որ մեքերը կ՛արձակէս, ներէ մեզի»։ Աստուծոյ գառնուկի Աստուածաշնչական այս պատկերը կը խօսի ներումի ու փրկութեան մասին, -ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ«ծիսական  հացին մէջ, որ բեկանուած է աշխարհի կեանքին համար, աղօթող հասարակութիւնը կը ճանչնայ Աստուծոյ Գառնը, այսինքն Քրիստոս Փրկիչը ու Անորմէ կը հայցէ ներում, գթութիւն ու խաղաղութիւն» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ «գթայ մեր վրայ», խաղաղութիւնդ տուր մեզի» աղերսները, մեզ կ՛օգնեն պատրաստուելու սուրբ զոհին  որ է ակնաղբիւրը Աստուծոյ ու եղբայրներուն հետ հաղորդութեան։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ըսելով «Սիրելի բարեկամներ, Քրիստոս մեզի խոստացաւ առ յաւէտ մնալ մեր հետ ու տարբեր ձեւերով Ան մեզի կը բացայայտէ իր այս ներկայութիւնը։ Իւրաքանչիւրիս պատասխանատու պարտականութիւնն է հռչակել ու վկայել Անոր սէրը որ մեզի թիկունք կը կանգնի կեանքի բոլոր առիթներուն։ «Երբեք մի յոգնիք ուրեմն վստահելու Քրիստոսին եւ ամենուրէք տարածելու Անոր Աւետարանը» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.