Միայն Բացուած Ափով
Առատաձեռնութեան կամ բարերարութեան համար բնականաբար բացուած ափ պէտք է ունենայ մարդ: Տալու արուեստը միշտ գնահատուած է, մանաւանդ տօնական օրերուն, երբ մարդիկ կը յիշեն աղքատները, զրկեալները, հիւանդները, որբերն ու անտունները, եւ իրենց արդար վաստակէն բաժին կը հանեն անոնց:
Աղքատախնամութեան այս երեւոյթը ոմանց մօտ համազօր է ՝՝խեղանդամութեան ի տես Աստուծոյ ընծայուած գոհաբանութեան ու շնորհակալութեան՝՝, փառք տալով, որ Արարիչը զիրենք ստեղծած է առողջ մարմինով ու կատարեալ ֆիզիքականով: Մարդիկ ինչքան ալ խղճան խեղանդամ ծնունդներու, դարձեալ իրենց հոգիի խորքէն հառաչելով երախտապարտ կ՛ըլլան Աստուծոյ, որ խնայեր է իրենց նման դժբախտ կացութիւն: Սակայն, Աստուծոյ գոհաբանութիւն յայտնելու համար առիթներ հարկաւոր չեն, ո՛չ ալ մասնաւոր տօնական օրեր: Ատիկա նման է բարեգործութիւն ընելուն կամ չընելուն: Որովհետեւ կա՛մ բարեգործ ես, եւ կամ՝ ո՛չ: Կեանքի ընթացքին մէկ անգամ բարեգործութիւն կատարած անձը բարեգործ չի՛ կրնար նկատուիլ:
Իսկապէս բարեգործ մարդը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ
այն անձերը, որոնք իր բարեգործութեան կարիքը կը զգան:
Նոյնն է բարեպաշտութիւնը, կամ աստուածասիրութիւնը: Եթէ միայն ի ցոյց մարդկանց, կամ միայն
որոշ առիթներով աստուածապաշտ պիտի ըլլան մարդիկ, ատիկա իսկական բարեպաշտութիւն, կամ աստուածապաշտութիւն
կարելի չէ՛ համարել: Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղածութիւնը մնայուն եւ կեդրոնական զգացումի
վերածելով միայն, կարելի է արժեւորել Անոր նկատմամբ բարեպաշտութիւնը:
Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի ամբողջ ուսուցումը բարեպաշտական զգացումի մասին, հաւատացեալները
հեռու կ՛ուզէ պահել ձեւականութենէ կամ՝ Նոր Կտակարանեան բառով՝ փարիսեցիութենէ: Յատկապէս
ներկայ դարու սկզբնաւորութեան, կրօնական վերազարթօնքով սկսած շարժումներն ու նորարարութիւնները,
որոնք Խորհրդային Միութեան փլուզումը արագացուցին եւ անոր յաջորդեցին, բնա՛ւ նպատակ չունէին
ձեւականութիւնը դարձնել բարեպաշտութեան հիմնական նպատակը:
Մարդկային ափը, մուրալու տխուր ու խղճալի երեւոյթով չի՛ բացուիր միայն, այլ՝ հաշտութեան,
ներողամտութեան ու բարեգործութեան համար…:
Կարելի՞ է բռնցքուած ձեռքով ձեռնուիլ հաշտութեան ի խնդիր: Երբե՛ք: Ափդ պէտք է բանաս,
որպէսզի կարենաս անոր դիմաց զգալ ուրիշին ափը, որ ձեռնուելու հաշտարար արարքով նոր էջ
պիտի բանայ երկուքիդ կեանքին մէջ: Սակայն, երբեմն բացուած ափդ, զոր երկարած ես հաշտութեան,
օդին մէջ կը մնայ անտէր ու անօգնական, դիմացը տեսնելով բռնցքուած ու ջղային պրկուածութեամբ
կարմրած ձեռք:
Հաշտութեան ու ներողամտութեան գործընթացը, որ շատերու համար դժուարին քայլ ու աշխատանք
կը համարուի, խորքին մէջ աւելի կարճատեւ ճամբայ ունի երթալիք, քան՝ ատելն ու յիշելը:
Ատելութիւնը շատ խորունկ զգացում է, որ յիշողութեան հետ սերտօրէն առնչուած է: Ան անձը
որ իր յիշողութիւնը կը կորսնցնէ, անցեալը կը մոռնայ ամէն մանրամասնութիւններով, ու այդ
վայրկեանը կ՝ապրի միայն: Այս դժբախտութիւնը յաճախ օրհնութիւն կը դառնայ անոնց համար,
որոնք տխուր անցեալ ունեցած ըլլալով, չէին կրնար հանգիստ քուն վայելել: Իսկ յիշողութեան
կորուստով, անցեալը իր տխուր յիշատակներով կը թաղուի պատմութեան մէջ, մինչեւ հնչէ արդար
Դատաստանի ժամը:
Գոհաբանութիւն յայտնելը, կամ Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալը, միայն աղօթքով ու սաղմոսերգութեամբ
արտայայտութիւն պէտք չէ՛ գտնեն: Այլ՝ բացուած ափդ հարկաւոր է, թէ՛ տալու եւ թէ ստանալու
համար:
Մեր կատարած ամէն արարքները մեր սրտի հայելիին վրայ կը տպաւորուին, եւ Աստուած յստակ
կը տեսնէ զանոնք, իրենց հարազատ գոյներով: Տալու ձեւը այնքան կարեւոր չէ՛, որքան ոգին,
տրամադրութիւնը, ու տալէ ետք՝ կատարուած բարեգործութեան չ՝անդրադառնալը:
«Բարիք ըրէ՛ եւ ծով նետէ՛», խորհրդաւոր ձայնով կ՝ըսէր փորձառու ծերունին, երբ տեսնէր
թէ բարեգործը, իր կատարած բարիքը ստացած թշուառ անձը մոռցած, բարեգործութիւնը ծանուցելու
մտահոգութենէ տարուած է:
Բացուած ափը հաշտութեան, սիրոյ, ներողամտութեան ու զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ առաջ,
պէտք է ըլլայ բարեգործութեա՛ն համար բացուած ափ: Ինչքան ալ բռնցքուած ձեռքեր տեսնես դիմացդ,
դուն բա՛ց ափդ, երկարէ՛ ձեռքդ, միշտ գոհաբանութիւն ընծայելով Աստուծոյ, որ այդ շնորհքին
ու գիտակցութեան հասցուցած է քեզ: Միայն բացուած ափո՛վ կրնաս յաղթել աշխարհին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |