2018-03-14 09:46:00

Կազայի մէջ Պաղեստինի վարչապետին դէմ մահափորձ


Երեքշաբթի, 13 մարտ 2018-ին, մեծ պայթում մը թիրախ դարձուց Պաղեստինի վարչապետ Ռամի Համտալլայի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավար Մաժետ Ֆարաժի շքախումբը, երբ մուտք կը գործէր Կազա: Ճամբեզրին զետեղուած ականի պայթումին պատճառով արձանագրուեցան վեց վիրաւորներ: Ըստ պաղեստինեան կարգ մը կայքերու, շքախումբին դէմ կրակոց ալ եղած է:

Կազայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած են շարք մը կասկածելիներ:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավար Մաժետ Ֆարաժ Համաս շարժումը պատասխանատու նկատեց մահափորձին` նշելով. «Ամբաստանեալը այս հողին վերահսկողն ու անոր անվտանգութիւն ապահովողն է»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը իր կարգին ամբաստանեց Համասը, իսկ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հիւսէյն Շէյխ յայտարարեց. «Ֆաթհ շարժումը Համաս շարժումը կը նկատէ վարչապետին ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավարին շքախումբը ականահարելու փորձին ամբողջական պատասխանատուն»: «Համաս կը կրէ այս ոճրային մեծ արարքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը, եւ այդ արարքը վտանգաւոր նախադէպ մըն է, որուն վրայ պիտի հիմնուին շարք մը որոշումներ ու բազմաթիւ քաղաքականութիւններ, որոնց ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Համասը»:

Համաս շարժումը իր կարգին դատապարտեց մահափորձը, որ նկատեց պաղեստինեան միասնականութեան ու հաշտութեան ջանքերը հարուածելու փորձ: Համաս նաեւ դատապարտեց Համասի հասցէին Պաղեստինեան իշխանութեան յղած ամբաստանութիւնը` ապահովական մարմիններուն եւ ներքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղելով` ոճիրին բացայայտման, հեղինակները հաշուետուութեան կանչելու եւ արդարադատութեան ներկայացնելու համար անմիջապէս հետաքննութեան ձեռնարկելու:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը եւս դատապարտեց արարքը եւ Կազայի ապահովական մարմիններուն կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու իրենց պարտաւորութիւններուն եւ հետապնդելու յանցագործները, ինչպէս նաեւ որդեգրել միջոցառումներ, որոնք կ՛արգիլեն դէպքին կրկնութիւնը:

Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումը դատապարտեց մահափորձը եւ զայն նկատեց ազգային միասնականութեան ապագան վտանգելու փորձերէն մէկը: Շարժումը նաեւ կոչ ուղղեց` որեւէ կողմի ամբաստանութիւն ուղղելու առումով չաճապարելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.