2018-03-14 08:31:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց ՀՀ-ի մԷջ Պրազիլի նորանշանակ դեսպանը


Մարտ 12-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մենտոնսա Սանկտոսը եւ անոր տիկնոջ` Սիմոնէ Յագենաուեր Ռոգատտի Սանկտոսը: Այս մասին կը հաղորդեն մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգէն:
Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ` մաղթելով անոր արդիւնաւոր առաքելութիւն Հայաստանի մէջ: Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր համարեց հայ-պրազիլական կապերու ամրապնդումը եւ գործակցութեան յետագայ խթանումը:
Ամենայն Հայոց Հայրապետն այս առնչութեամբ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Պրազիլի դեսպանութեան հետ Մայր Աթոռի սերտ կապերուն:
Հայոց Հովուապետը վերյիշեց Պրազիլ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնները` նշելով, որ մեծապէս տպաւորուած է Պրազիլի ժողովուրդի զօրեղ հաւատքով: Գարեգին Բ Կաթողիկոսը նաեւ ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Պրազիլի հայութիւնը` իբրեւ կայացած համայնք, իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ երկրի առաջընթացին` ըստ արժանուոյն գնահատուելով իշխանութիւններուն կողմէ:
Այնուհետեւ նորանշանակ դեսպանը Գարեգին Բ Վեհափառին ներկայացուց յառաջիկայ իր ծրագիրները, որոնցմով պիտի ջանայ աւելի ճանաչելի դարձնել Հայաստանը Պրազիլի մէջ:
Զրոյցի ընթացքին դեսպանը կարեւորեց հայ-պրազիլական մշակութային եւ տնտեսական կապերու զօրացման ուղղուած ձեռնարկներու իրականացումը, լուսաբանութիւններ տուաւ Պրազիլի ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի վերաբերեալ:
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.