2018-03-14 09:52:00

Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350ամեակին նուիրուած գիտաժողով


ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, Շաբաթ, 10 Մարտին տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350ամեակին նուիրուած գիտաժողովը եւ «Ոսկան» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Բացման խօսքը կատարեց ձեռնարկի նիստավար Հրաչ Գասպար, որ ներկայացուց ձեռնարկի կարեւորութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ ծանօթացուց ներկաներուն Ոսկան Երեւանցին եւ անոր դարը: Գասպար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քաղաքական ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական պետերուն, որոնք ներկայ էին ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ ներկայ հանրութեան:

Գիտաժողովի առաջին դասախօսն էր փրոֆ. Ատրիանա Պարրա, որ խօսեցաւ Աստուածաշունչի եւ աւանդութեան մասին: Վերապատուելի տոթք. Մանուէլ Ճինպազեան խօսեցաւ հինգերորդ դարու Ատուածաշունչի առաջին հայրերէն թարգմանութենէն մինչեւ Երեւանցիի տպագիր օրինակը: Խաժակ արք. Յակոբեան ներկայացուց հայերէն Աստուածաշունչի կանոնական կառոյցը եւ Ոսկան Երեւանցիի տպագրած տարբերակը: Բաբգէն արք. Չարեան՝ գիտաժողովի վերջին դասախօսը, կատարեց հաւատքի ու ազգակերտման պատմական զուգահեռներ եւ անդրադարձաւ տպագիր առաջին հայերէն Աստուածաշունչի ներազդեցութեան մասին:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Յակոբ Փափազեանի բեմադրած «Ոսկան» ֆիլմը, ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:

Գիտաժողովի աւարտին, հարցում-պատախանի բաժինէն ետք, Բաբգէն սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դասախօսներուն, նիսվարարին, ձեռնարկի հովանաւորներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ու «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց գիտաժողովը:








All the contents on this site are copyrighted ©.