2018-03-13 09:35:00

Նեփալի մէջ օդանաւի մը ջախջախումը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր


Նեփալի Թրիպհուվան միջազգային օդակայանին մէջ «Եու.ԷՍ.-Պանկլա» օդանաւային ընկերութեան օդանաւի ջախջախման իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է առնուազն 50 զոհ:

Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», երէկ յայտնած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Նեփալի բանակի ներկայացուցիչին: Մինչդեռ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղւոյն ոստիկանութեան ներկայացուցիչը, կը հաղորդէ, որ զոհերուն թիւը 40 է:

«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը, իր կարգին, յղում կատարելով տեղւոյն ոստիկանութեան ներկայացուցիչին, հաղորդած է 38 զոհերու եւ 23 վիրաւորներու մասին:

«Պոմպարտիէ Քիու-400» տիպի օդանաւը, որ Տաքայէն Քաթմանտու թռիչք կը կատարէր, դուրս եկած է էջքի գօտիէն եւ մխրճուած օդակայանի մօտ գտնուող ֆութպոլի դաշտին մէջ, անկէ ետք ալ բռնկած է:

«Տը Քաթմանտու Փոսթ» օրաթերթին տուեալներով, օդանաւին մէջ եղած են 67 ճամբորդներ եւ անձնակազմի չորս անդամներ: Պարբերականը յայտնած է 25 վիրաւորներու մասին: Օդակայանի վարչակազմին կարծիքով, միջադէպին պատճառը օդանաւի թեքնիք խանգարումէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.